Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

13. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

17 դեկտ., 1905, Կանտ

Յարգոյ Տէր,

Գրքերուն հետ ընդունեցայ Ձեր նամակն ալ։ Կ՚ըսէք, թէ ղրկած քերթուածս սիրով պիտի հրատարակէք. ջերմ շնորհակալութիւններս։ Անոր վրայ Ձեր ըրած քննադատութիւնը արդէն փափաքս ըլլալուն՝ ուրախութիւնս եղաւ։ Իր արուեստին կամ կազմութեան վրայ Ձեր ըրած, կամ իմ խնդրած, դիտողութիւնները խիստ շահեկան եղան ինծի, քանի որ Ձեր դատաստանին մէջ հաւատքն ունիմ արդի գեղարուեստագէտ մտաւորականութեան դատաստանի խտացումը գտնալ։

Միայն, ներուի ինծի բացատրել քերթուածին քանի մը մասերուն կազմելու իմ եղանակս, իմ կ՚ըսեմ, քանի որ արուեստը գեղեցկին միջոցը ըլլալուն համար, իր նպատակին՝ որ է գեղեցկութեան, նման առնչական կամ անհատական է։ Ասով, իմ կարծիքս բացատրելէ զատ, բնաւ մտադրութիւնը չունիմ Ձեր քննադատութեան (որ ինծի այնքա՜ն հաճելի եղաւ) քննադատութիւն մ՚ընելու։

* * *

Իրաւ, գիտե՞ս ըսպաննել Մահը, խեղդել

Ոսկըրներու, ջըղերու մէջ. զետեղել

Գըլուխդ ամէն խոթ կուրծքի.

Այս տողերը գրած եմ կազմութեան հետեւեալ մտածումով ընել սկզբնաւորութիւն մը ընտանի եւ ուժեղ բացատրութեամբ այնպէ՛ս որ ան ըլլայ վսեմ եւ միանգամայն բնական. այսպէսով իմաստի վսեմութիւնը ձեւին բնականութիւնը ճապաղութեան մէջ իյնալէ պիտի արգիլէ, իսկ բնական ձեւը վսեմին իմաստը պիտի չդարձնէ խիստ եւ օտարոտի՝ քանի որ քերթուածը կ՚ուղղուի բարեկամի մը։

Յետոյ. ըսել բժշկին առաջին, անմիջական, որակիչ կարողութիւնը, որ միանգամայն իր նպատակն է. Մահն սպաննել… քանի որ միջոցները երկրորդական են, եւ անոնց երկար թուարկումէ մը վերջ՝ «Մահն սպաննել» բացատրութիւնը խիստ թոյլ պիտի գայ։

(Յանդուգն գործ՝ ուր կայ վըտանգն ահարկու

Խաբուած սիրոյ ըմբոստութեան դիպելու

Ինչպէս խաբուած ռամիկի)։

Գլուխդ խոթ կուրծքի դնելը յանդուգն գործ մ՚է, ուր խաբուած սիրոյ ըմբոստութեան դիպելու վտանգը կայ՝ ինչպէս խաբուած ռամիկի ըմբոստութեան։ Իմաստը հասկանալի է, բայց իր սեղմութեան պատճառով՝ ո՛չ դիւրութեամբ. կուռ է ան եւ արդիւնք՝ յանկարծական կրքոտ զգացումի մը. անպատճառ հապճեպով կարդացած էք զայն, որ Ձեզի անորոշ թուած է եւ թոյլ. ա՛յն է զարմանալին, որ այս տունը ընդհակառակը ես միւսներէն աւելի գերադասեցի։

Պիտի տանիմ Աշխարհ մ՚(յոյսի գերեզման)

Ա՛լ աւելի խոր ցաւերով, տըխո՜ւր՝ քան

Կէս շիրմաքարը ցեղին

Այս վերջին նմանութեան մէջ պէտք եղած տխրութիւնը չէք գտնար. ճիշտ պիտի ըլլար այդ տեսութիւնը, եթէ տխրութիւնը զատուէր միմիայն առերեւոյթ ։ Ընդհանրապէս երկու տեսակի կը բաժնեմ տխրութիւնը՝ արտաքին եւ ներքին. առաջինը նկարչական է եւ կը խօսի մեր աչքին ու ճաշակին. երկրորդը իմացական է, հետեւաբար նախ կը խօսի մեր գիտակցութեան եւ յետոյ` սրտին։ Աւելի պարզեմ միտքս. Աշխարհը կրնայ շատ զուարթ ըլլալ իր բնութիւնովը, բայց ցաւերովը իր ժողովրդեան, որ իր հոգին է, ան կրնայ ըլլալ ամենատուրը։

Յետոյ. սպիտակ մարմարիոն մը գուցէ յաջող նմանութեան մ՚ընծայէ զուարթի, բայց նոյն մարմարը՝ կիսաբեկ ՝ իր առջի ուրախ ազդեցութիւնը պիտի կորսնցէ, իսկ գերեզմանի մը վրայ, խիստ տխուր պիտի թուի մեզի՝ մանաւանդ այնպիսի պարագայի մը մէջ, երբ ան իր վրայ կը խորհրդանշէ ամբողջ սերունդի մը վերջը, ցամքումն ընդարձակ երակի մը, որ արեւուն տաք նայուածքին տակ ուրախ քրքջելով կը հոսէր ապագայ առողջ յաջողութեան մը աչքն յառած։

Թերեւս (ես կը կարծեմ) ոչ մէկ իր ա՛յնքան տխուր, ո՛րքան ճիշտ, symbole [1] մը ըլլայ մեր օրէ օր ջարդուող գաղթող, այլասերող, փճացող ազգին՝ որքան վերջացած սերունդի մը կէսը ջախջախուած շիրմաքարը, վասնզի այդ երկուքն ալ մեծ տխրութիւն մ՚ունին՝ ներքին եւ խոր ։

Իբրեւ ոսկէ հանք մ՚ըլլար

Խոշոր սխալ՝ խոշոր անուշադրութիւն, խնդրեմ սրբագրէիք զա՛յս Ձեր նամակին մէջ դրած ձեւով։

Բայց ա՛լ թողունք այս մասը. շատախօսութիւններով չեմ ուզեր ձանձրացնել Ձեզ։

* * *

Իմ վրայօք տեղեկութիւն կ՚ուզէք։

Արդեօք ինձմով հետաքրքրուիլը ժամավաճառ ըլլալ չէ՞…

Կը պատասխանեմ՝ գիտնալով, որ ինչպիսի՜ ազնիւ ու վսեմ զգացում Ձեզ կը դրդէ նայելու կացութեանս։

Ամիս մըն է, որ Կանտ եմ. համալսարան կը յաճախեմ. գրական եւ իմաստասիրական ճիւղերուն. հաւանական է մնամ 3 տարի։ Ազատ ուսանող եմ. պատճառը մեր վարժարաններուն մէջ յունարէն եւ լատիներէն չաւանդուիլն է. համալսարան մուտքի առաջին քննութեան պէտք է Կիկերոն թարգմանիլ՝ ուստի կ՚ենթադրուի։ Եթէ այս երկու լեզուները գիտնայ գրականութեան հայ ուսանողը, միւս նիւթերուն մէջ օտարէն խիստ գերազանց կը հանդիսանայ, այս մասին օրինակը տալը ինքնագովութիւն պիտի համարուի, ուստի կը լռեմ։

Եթէ մեծ ցաւ մ՚ունիմ, քաղաքիս մէջ որոշ չափով հայութիւն չըլլալն է, հազիւ չորս-հինգ հոգի կը գտնուի։ Կը ցանկայի Ժնեւ երթալ, վարժարանն ընդդիմացաւ. Մխիթարեան հայրերը պահպանողական են, նուազ բացառութեամբ։

Հոս գլխաւոր երկու կուսակցութիւն կայ. կղերականք եւ ազատականք, առաջինները իրենց ժողովարանը աւանդատուն դարձուցեր են, ու երկրորդները՝ գինետուն։ Ինչ որ է։ Եթէ լաւ մը վարժիմ գաղղիերէնի, մտադիր եմ հոն ազգերնուս վերաբերեալ մերթ-մերթ ճառեր արտասանել, եթէ այս նշանախեց մը օգտակար ըլլայ մեզի՝ ուրախ պիտի ըլլամ։

Ահա ներկաս, պարզ եւ աննշան։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան՝ ո՞վ գիտէ, ես պիտի չյամարձակիմ գուշակել։ Մեր մէջ գրագիտութի՜ւն, մեր մէջ գրականութեան լիուլի նուիրո՜ւմ…

Ո՛հ, ես իմ վրայ կը խնդամ այս մասին. հայ գրագէտին ապագան Հայաստանի ապագան է, ըսուի թերեւս անոր վսեմութեամբը գինովցած, ես կը պնդեմ, թէ այդ դատողութիւնը հետեւանքն է իր փոխադարձին։

Համառօտ. դեռ շատ «Թողէ՛ք մեծնամ»-ներ պիտի երգեմ։

Ահա ամէնը։

Կանխաւ լիուլի շնորհակալութիւններ Ձեր «Անահիտի» ուղարկումին։ Կը ջանամ երբեմն-երբեմն աշխատակցիլ։ Չունիմ պատրաստ քերթուածներ. բոլորը յանձնած եմ Ս. Ղազարի տպարանին. «Գեղունիի» եւ «Բազմավէպի» մէջ հրատարակելէ վերջ մօտերս առանձին հատոր պիտի կազմեն «Սարսուռներ» խորագրին տակ. բայց ի՛նչ նախճիրով եւ ի՛նչ (դեռ ենթադրելի) պայմաններով՝ ցաւալի է ըսելը… գաղափարի այսօրինակ բոզացումին առջեւ երբեմն մարդ կ՚ուզէ այնպէ՛ս գոռ մռնչել, որ վերէն Մուսան իսկ սարսափած գահավիժի։

Խիստ երկարեցի նամակս.

Ձեզ ամէն գրական յաջողութիւն կը մաղթեմ, եւ սիրալիր ձեռքի սեղմումով կը մնամ Ձերդ

Դանիէլ Վարուժան



[1] Խորհրդանիշ