Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

136. «ԱԶԴԱԿԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ

[24-27 ապրիլ], 1909, [ Կանտ]

«Ազդակի» խմբագրութեան։

Համիտին փորասողուկ թաւալումը ինծի այնքան ուրախութիւն չպատճառեց, որքան Կիլիկիայի ջարդը ճմլեց աղիքներս։ Ցեղին հոգին արիւն կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր տաք մոխիրի նման կը թափի գլուխիս եւ սրտիս վրայ։ Հինգ դարեր պէտք եղան, որպէսզի թուրքերէն մաս մը քաղաքակրթուէր, եւրոպականանար, ինչպէս փտած կաթսաները կը կլայեկուին. ո՜վ գիտէ դեռ որչա՜փ հինգ դարեր պէտք են եւ որչա՜փ հայու արիւն՝ միւս մեծագոյն մասին համար։ Երիտասարդ թուրքերը չեն դադրիր Եւրոպայի հասկցնելէ, թէ թուրքը ի բնէ բարի ժողովուրդ է, թէ տաք հայերու անխոհեմութիւնն է աղէտին սկզբնապատճառը ոճիր եղած՝ Եւրոպայի հայանպաստ կարծիքին դէմ հակազդելու համար, կարծիք մը, որ արդէն առանց ատո՛ր ալ պոռնկացած է։ Լուրերը այնքան գէշ ազդած են վրաս, որ կը ցաւիմ Ատանա չգտնուելուս համար։
…………………………………………………………………………………………………………………………………

Կովկասի հայ-թաթարական ընդհարումները օրինակ մեզ։ Եթէ այդ ոճով շարժինք՝ խուժանը ինք պիտի գայ մեզ եղբայրութիւն քարոզելու։ Կռապաշտ է խուժանը. բոցին առջեւ միայն կը խոնարհի։ Քանդել եւ այրելը բարբարոս ժողովուրդի մը համար առաքինութիւն է. այդ կարմիր առաքինութիւնը ունեցող մարդիկ միայն կրնան իրենց պատկառանք ներշնչել։ Երջանիկ ապագան, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը Աշխատանքի սրբարանին առջեւ, զոր մենք բոլորս կը յուսանք եւ կը հետապնդենք, ուխտ մըն է, որ թուրք խուժանին հետ լոկ զէնքերու վրայ կը կնքուի։

Միթէ դեռ հայեր կա՞ն, որ Ձեր ըսած խլուրդի գոյութիւնը կ՚ապրին։ Եթէ մինչեւ հիմա ուրիշ ազգ մը մեր կեանքը ապրէր՝ իր մէջ մէ՛կ պահպանողական չէր հաշուեր։ Միթէ այսքան պղնձէ եւ կրակէ դարեր չկրցա՞ն ձուլել Գայլ Վահաններու սերունդ մը։ Գնչուները անիշխանական պիտի ըլլային, եթէ մեր ճակատագիրը ունենային։ Եւ դե՜ռ հայութեան ծոցին մէջ «խլուրդի գոյութիւններ» կան։ Խլուրդ չեն ատոնք, ընկե՛ր, մեր նախնիքներուն դիակներէն տարասերած որդեր են, անարգ որդեր, զոր ադամանդէ գարշապարիս տակ ճզմել իսկ պիտի զզուէի։ Ո՜վ ատրաշէկ երկաթով կուրացուած հայրենիք, չտեսար, թէ ինչպէս լուսաբուխ ծիծերուդ վրայ կը սեղմէիր աստղապսակ որդիներուդ հետ, որոնք Մասիսէն կ՚իջնէին, այնպիսի՛ ճետեր, որոնց սկիզբը թաղուած է ա՛յն մորուտներուն մէջ, ուր Վահագն աստուածային Մեղքի վիշապն սպաննեց։

Բայց հայը պիտի ապրի՝ հակառակ դահիճներուն եւ հակառակ իր առիւծի աչքին տակ բուսած կորեկին։ Հայր պիտի ապրի ժողովուրդներու սիրազօդ շղթային մէկ ոսկի օղակն ըլլալու համար։ Այս է մեր բոլորիս յոյսը, յոյս մը, զոր մուրճով կռեցինք ինչպէս մեր պապերէն մէկուն նիզակը, որ նպատակին կը դիմէր օդին եւ արեւուն մէջ երգելով։

«Չանցնիր այն ճրագն՝ զոր վառեց Աստուած», ըսած է Վարպետս իր «Հայրունիի» մէջ, զոր ես կը հասկնամ այն Աստուածը, որ իւրաքանչիւրիս կամքին մէջ է, այն Աստուածը, որ իր իսկ քնարը զէնուզարդեց մարտիկի մը նման, զոր առջի անգամ [իտէալական] պատերազմին կը տանին։

Չանցնիր այն ճրագն, զոր կամքը վառեց։

Դանիէլ Վարուժան