Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

120. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

4 հոկտ., 1908, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Երբ ես այս նամակս կը գրեմ, հաւանական է որ Դուք Պոլիս էք, Վոսփորի ափին, «Չամլըճայի զեփիւռին» յանձնած Ձեր մազերը եւ Ձեր երազները բոցաերիզ։ Հայրենի հողէն քի՛չ հեռու էք, եւ արդէն կ՚զգաք այդ կարմիր հողին ընդերքներուն մէջ տրոփիւնը դափնեպսակ հրճուանքին։ Երբ հոդ յաղթութեան ի պատիւ խմէք Վանի այգեստաններէն եկած գինին, բաժակին վերջի կաթիլին գոնէ յիշեցէք օտար ամպերու տակ դեռ թափառող Ձեր բարեկամը, եւ այդ կաթիլը Ձեր մէջ սիրոյ նշխարքը պիտի խմորէ։

Ես կը մաղթեմ, որ պարագաները Ձեզ տրամադրեն վերջնականապէս այդտեղ ապրիլ եւ գործել։ «Անահիտը» իր ծրագրով անհրաժեշտ է մեր մտային զարգացման մէջ. մանաւանդ հիմա ազդեցութիւնը ուղղակի պիտի ըլլայ ժողովուրդին վրայ։ Դարերով ընդհատուած տոհմային փառահեղ քաղաքակրթութեան թելը ձեռք առնելու է եւ շարունակելու։ Այդ մաքրահիւս թելը խզուած-ընդհատուած է Բագրատունեաց դարաշրջանէն, Անիի աւերակներուն փաթթուած ըլլալուն համար։ Համալսարանին մէջ ընկերվարական գիտակցական հոսանք մը կը շրջապատէ զիս, բայց ի՛նչ կ՚ուզէք ըսէք հազիւ մեր հին փառքը երեւակայութեան թռիչքով մը կը հրահրեմ՝ ինքիրմէս բոլորովին դուրս կ՚ելլեմ։ Ո՛չ թէ միայն մեր, այլ ամբողջ մարդկութեան դիւցազնական դարերուն «nostalgie»-ն [1] ունեմ։ Եր՞բ պիտի դառնայ հեթանոսութիւնը եւ հին յաղթութիւնները, զոր վաստկելու համար հերոսներ պէտք էին՝ այլ ո՛չ դիւանագիտութիւն։

Այս զգացումներս աւելի պիտի բացատրէ քերթուածը, զոր կը ներփակեմ։ «Հայրենի լեռները» գրուած է սահմանադրութենէն քանի մը օր առաջ, երբ Զուիցերիայէն կ՚անցնէի Իտալիա երթալու համար, այդ քերթուածը բիւրեղացաւ մէջս։ Չեմ տարակուսիր, թէ սիրով պիտի հրատարակէք։ Սահմանադրութենէն վերջ այդ շեշտը քիչ մը խորթ հնչէ գուցէ՝ անպատեհ ըլլալուն համար. առ այս պիտի փափաքէի, որ ծանօթութիւն մ՚աւելցնէիք, որ ճշտէր, թէ ան ո՛ր ազդեցութեան տակ եւ ի՛նչ օրերու գրուած է, եւ մեղմացնէր անպատշաճութիւնը՝ թողլով միայն իր գրական արժէքին մէջ։ Վերջապէս այս Ձեզի կը թողում, ըրէք եթէ իրաւցնէ պէտքը կը տեսնէք ։

Գալով գրածներուս վարձատրութեան, զոր ասկէ վերջ կը խոստանաք, այդ ես բնաւ չեմ սպասած՝ այն միակ մտածումով, թէ Դուք եւս նիւթական դառն զոհողութիւններով կ՚ապրիք։ Բայց եթէ ներկայ ազատութիւնը քիչ մը պիտի բարելաւէ վիճակնիդ՝ այն ժամանակ շնորհակալութեամբ պիտի ընդունիմ ոեւէ վարձատրութիւն։

Մեծ գրաւականը կը նկատեմ Ձեր բարեկամութեան այն բարեհաճութիւնը, զոր պիտի ընէք՝ բանակցելով այդտեղ հրատարկչի մը հետ հատորիս հրատարկուելուն համար։ Այս տարուան ամբողջ մխիթարութիւնս այդ պիտի ըլլայ։ Կը սպասեմ այդ մասին Ձեր կարգադրութեանց։

Այս հատորը լոյս տեսնէ՝ պիտ սկսիմ ասկէ վերջ լոկ կեանքէ գրել, ահագին հեղեղ մը կայ ներսս, որ մինչ ցարդ հայրենիքի դիակներով թմբուած էր։ Լարերս փոխելու վրայ եմ։ Ձեր աշխատակից քուրմերուն հետ ես ալ պիտի գամ «Անահիտի» բագնին վրայ զոհ բերելու՝ սիրտս։

Ցտեսութիւն

Սիրալիր ողջոյններով Ձերդ
Դ. Վարուժան

D. Tchiboukkear

rue Benard 31

Gand



[1] Կարօտախտ։