Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

113. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ

[11 յունիս, 1908, Կանտ]

Վերապատուելի

Սիրելի Հայր

(Յովհ. վարդապետ Թորոսեան)

Պէտքիս անհրաժեշտութենէն եւ Ձեր բարութենէն համարձակութիւն առնելով, ներկայ նամակովս կու գամ այս ամիս Ձեզմէ խնդրել 100 ֆրանք աւելի. պարտաւոր եմ վճարել այս գումարը համալսարանին, որպէսզի ինձ թոյլատրուի ներկայացնել քննութիւններս։ Ինծի քաղցր էր բնաւ չպատճառել հրամանքնուդ այս նեղութիւնը, եթէ ստիպուած չըլլայի, կամ եթէ եւրոպացիք գոնէ իրենց լոյսը դրամով չվաճառէին։ Յոյս ունիմ Ձեր գիտակից բարութեան վրայ։

Քննութիւններս կը ներկայացնեմ յուլիսի վերջերը. պիտի ջանամ ամբողջ այս տարուան նիւթերս տալ վերջացնել, որպէսզի երկու ամիս քիչ մը հանգիստ առնեմ եւ ջղերս կազդուրեմ։ Եթէ հակառակ պարագային մինչեւ յուլիս լաւ կերպով պատրաստ չըլլամ՝ հոկտեմբերին անպատճառ կ՚անցնեմ յաջողութեամբ. այդ մասին ես՝ յոռետեսս, նոյնիսկ ապահով եմ։

Չգիտեմ, թէ ամէն նիւթերս յաջողակ անցնելէ վերջ կրնա՞մ արձակուրդին գալ ժամանակ մը Ձեզ մօտ անցընել։ Իմ մասին իհարկէ շատ նպաստաւոր է թէ՛ առողջարար, սիրուն Ազոլոյին եւ թէ բարեկամներուս կարօտին պատճառաւ, եւ թէ մտադիր եմ հոդ հայ հին մատենագրաց գրքերէն օգտուիլ գուցէ ապագայ thèse-ի [1] մը պատրաստութեան համար։ Եթէ գամ Վենետիկ եւ առանձին սենեակ մը վարձեմ՝ իհարկէ այդ նիւթապէս ինձ անկարելի է, քանի որ ճամբուս ծախսն ալ ես ինքս պէտք է վճարեմ։ Վերջապէս այս մասին հրամանքնիդ ինչպէս որ յարմար կը դատէք, խնդրեմ գրէք։ Եթէ ոեւէ արգելք մ՚ունիք այս փափաքիս, կարող էք պարզապէս մերժել, այս մասին եւ ամենայն կերպով վստահ կրնաք ըլլալ, որ զիս նշախեց մ՚իսկ ցաւցուցած չէք ըլլար։ Որոշեցէք՝ ինչ որ Ձեզ պատշաճ կը թուի, եւ ես կը մտածեմ թէ պատշաճը այդ էր։

Օրհնելով հայ քաջերուն ջամբած Ձեր մեռոնաբոյր լուսեղէն հացը,

Մնամ յարգանքներով Ձերդ խոնարհ

Դ. Վ.



[1] Դիսերտացիա: