Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

34. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

16 մարտ, 1906, Կանտ

Սիրեցեալ պ. տ[օգթօռ] Պազարճեան,

Ընդունած եմ Ձեր գրութիւնը, որ այս օրերուս մէջ սրտիս հմայքներէն մին կազմեց։ Կ՚աշխատիք նիւթական ապահով վիճակ մը ստանալ ու կ՚աշխատիք կամ մտադիր էք միաժամանակ պատրաստել հոգեբ[անական]-իմաստ[ասիրական] conférence մը. այս կը յայտնէ, թէ արդէն Ձեր մէջն է ապագայի անվկանդ կորիզը, կորիզ մը, որ իր մէջ ունի առողջ Ոյժը կեանքի, ունենալով նաեւ անոր միսը իբր զօրեղ նեցուկ. Ձեր ներսը նիւթականի եւ բարոյականի այդ սերտ հոգը՝ արդէն կ՚ապահովէ Ապագայի գերագոյն ժպիտը։

Լուր կ՚ուզէք, սիրելի եղբայր, եւ ես պահելով հոգուոյս լուրերը դէմ առ դէմ տեսութեան վայրկեանի մը, Ձեզ կը հաղորդեմ նախ գուժ մը, որ մինչեւ ցարդ գուցէ իմացած ըլլաք, այն է՝ Դերենիկին քեռւոյն սնանկութիւնը եւ իր եղբօր դրամի տեսակէտով վնասուած ըլլալը. այս մասին Դերենիկը ինծի շատ տխուր շեշտով գրեր էր. ջանացի զինքը սփոփել՝ մատնանիշ ընելով միանգամայն այնպիսի հոգեբանական պարագաներ, որք կարող էին զինքը օրհասի մէջ ձգել։

Աւելին կայ. երկու ամիս է, որ գրեթէ ամէն օր Թրքաստանի հայերը կը սնանկանան. այդ պարագան արդէն շատոնց ուշադրութիւնս գրաւած էր։ Ո՜վ բազմակողմանի հարուածներ. պատճառը եթէ մօտալուտ պայմաններէ չծագիր, ես կարծեմ կոտորածի տարիներուն մէջ վաճառականներուն կրած վնասին մէջ հարկ է փնտռել։ Չարիք մ՚ալ։ Արդեօք «Անահիտ» չէ՞ք ստանար. ինծի իմաց տուէք, հակառակ պարագային կ՚ուղարկեմ։ Վրաս գրուած քննադատութիւնները կ՚ուզէք։ «Շիրակը» է՛ն շատ գրած է իմ մասին եւ միշտ նպաստաւոր եւ նոյնիսկ վերջերս ալ կ՚առաջարկէ, որ թերթին աշխատակցիմ. բայց 2 ամիս է, որ դեռ չհրատարակուեցաւ. տեսնենք. ես արդ կ՚աշխատիմ աւելի պատմութեան, յաջորդ տարուան թողնելով իմաստասիրութիւնը ։

Միշտ Ձերդ
Դ. Վ.