Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

54. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

2 յունիս, 1906, Կանտ

Սիրելի տօք[թօր] Պազարճեան,

Ձեր քարտն ստացած եմ: Շնորհակալութիւն Ձեր ընդունելութեան խանդին` տեսութեան մտածումով։

Վաղը ճամբայ կ՚ելլամ՝ որ է կիրակի։ Իմ հաշուով (ո՛չ վստահապէս) երեքշաբթի առտու, կամ երեկոյ Ձեր մօտը կ՚ըլլամ։

Կ՚ուզեմ Միլան մնալ քիչ մը ժամանակ… Դժբախտաբար Միլան տեսնելու համար երկար ժամանակ հարկաւոր է։

Արդեօք պիտի գա՞յ օր մը, յորում իբրեւ ուսումնասիրող ուղեւոր անցնինք քաղաքներէն։ Երկու երկիր կ՚ուզեմ լաւ ճանապարհորդել՝ Հայաստան եւ Իտալիա, զգալու եւ մտածելու համար վերջինը զոհելով առաջինին։

Չերկարեմ։

Ցտեսութիւն, ունեցէք ձեռքի սեղմումի մը յոյսը։

Կը մնամ տեսութեան քաղցրութեամբ

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան