Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

131. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[22-25 մարտ], 1909, Կանտ

Սիրելի Թէոդիկ,

…Գիրքիս համար խորհուրդ կու տաս, որ դիմեմ Ս. Ղազար խրախուսուելով «Սարսուռներուս» Վանքին տպարանէն ելլելէն։ Կը տեսնեմ, որ դուն այդ զաւեշտը տեսնելու պատիւը չես ունեցած։ «Սարսուռները» նախ «Գեղունիի» մէջ հրատակուելէ վերջ (ինչ որ իրենց ոեւէ աւելորդ ծախք ընել չէր տար), կազմեցին յատուկ գրքոյկ մը եւ առանց ամչնալու՝ ինձմէ առին… թուղթի ծախքը վաթսուն ֆրանք!!

Քահանաներուն խօսքը կրօնքին ռեքլամն է. իրենց խօսքը քաղցր է իրենց աղօթքին պէս, բայց իրենց սիրտը սեւ է իրենց գտակին պէս։ (Ես քու հաւատքի համոզումները չեմ գիտեր, ուստի ներէ՜, եթէ բացատրութեամբ կրօնական զգացումդ կը վիրաւորեմ)։ Ես դեռ չեմ ըմբռնած, թէ ի՛նչ տեսակ գծուծ զգացումներ պէտք էին ունենալ, որ նոյնիսկ պահանջեցին 60 ֆրանքի պէս չնչին գումար մը, որ հազիւ իր իւղովը տապակուող ուսանողի մը համար գուցէ շատ բան է։ Այնուհանդերձ ես ամչցայ, երբ ուղարկեցի 60 ֆրանքը։ Պիտի ուզէի 660 ֆրանք ուղարկել, mandat-ին ներքեւ գրելով. «Հալեցուցէ՛ք եւ խմեցէք, ազնւութեան ծարաւիներ»։

Վանքը փչացած է. քանի մը քահանաներ կան միայն, որ իսկապէս յարգուելու արժանի են.  միւսներուն ոտքին կոխած տեղը մողեզ կը սողայ։ Վանքը գերեզմանատուններ կան միայն, որոնք սոսկ նուիրական են։ Խե՜ղճ ոսկրներ իմ սիրելի Ալիշանիս, որքա՜ն պիտի ուզէի ազատել զձեզ եւ ծոցիս մէ՛ջ միայն թաղել։

Բայց պիտի հարցնես, թէ ի՛նչ հարկ կայ գրել քեզի այս բոլորը. ճիշդ է։ Կը խնայեմ ժամանակիդ։ Ըսի, վասնզի մարդ այն աչքը կը ճմռէ, որ կը ցաւի։ Վանքն իմ աչքս է, ճպռոտ աչքս։

Շնորհակալ եմ, որ «Կարօտի նամակ» քերթուածիս արտասանելու պատճառ եղեր ես։ Ասոնք մխիթարութիւններն են, որ քեզ նման ազնիւ բարեկամներ միայն կարող են առթել։ «Անահիտի» մէջ «Արմէնուհիէն» տուն մը զեղչեր են։ «Վահագնի» ոճով մտադիր եմ Հայոց պատմութենէն քանի մը երգի նիւթ հանել։ Պիտի բաղձայի քու գրական նորութիւններդ իմանալ եւ ուրախանալ։ Կը կնքեմ նամակս սիրով եւ մաղթելով գրչիդ նորանոր թոյրեր։

Դ. Վարուժան