Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

164. ԳԱՐԵԳԻՆ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻՆ

27 նոյեմբ., 1910, Սուազ

Մեծ[արգոյ] տիար

Գարեգին Լեւոնեան,

Այստեղ Թորգոմ եպ[իսկոպոս] Գուշակեանէն փոխ առի Ձեր «Գեղարուեստի» Գ-րդ թիւը, որ սքանչելի պարունակութեամբ հիացում պատճառեց ինծի։ Կարդացի անոր մէջ Ձեր ինձ ուղղած երկտող նամակը, որուն կու գամ պատասխանել եւ սիրով կը ղրկեմ քերթուած մը անոր մէջ հրատարակուելու սահմանուած։

Սոյն թիւին մէջ իմ «Ցեղին սիրտին» մասին եղած գրախօսականը ուրախացուց զիս, որուն առթիւ պարտական եմ շնորհակալ ըլլալ պր. Մարգարին՝ այդպէս շքեղ հանդէսի մը մէջ պատուած ըլլալուն համար Մուսաս։ Եթէ նիւթական անձուկ վիճակս ներած ըլլայ՝ որքա՜ն պիտի բաղձայի «Գեղարուեստին» գոնէ յաջորդ հրատարակուելիք հատորները ունենալ գրասեղանիս վրայ՝ իբրեւ զարդ եւ իբրեւ թանգարան Գեղեցկին։ Մնամ յարգանքներով

Դանիէլ Վարուժան

Հասցէս.

Daniel Varoujan
Ecole Arménienne,
Sivas (Turquie)