Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

20. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

29 յունուար, [1906], Կանտ

Վերապատուելի մեծ Հայր,

Ձեր քարտն ընդունեցայ, ան սիրելի եղաւ ինծի եւ օգտակար։ Ձեր խրատները կը կատարեմ. պիտի ջանամ այս օրերս հանդարտօրէն պատասխանել այն նամակին։ Բայց կարծեմ քանի մը նուրբ անդրադարձումներ անօգուտ չեն ըլլար ըմբռնել տալու համար, թէ յարաբերութեանց մէջ ազնուական եւ աւելի ուղղամիտ գործելակերպ մը կայ, քան իրենցը՝ [գործածած] այնքան անպատշաճօրէն (այս բառին մեղմութիւնը շնորհք մըն է իրենց)։ Ձեզ այնքան յուզուած եւ անողոք գրելուս շարժառիթը այն էր, որ մերձաւոր եւ հայրական զգացումներուս առջեւ կը գտնուէի։

Կը գրէք. «Այս կողմերը արձագանքներ կը հասնին»։ Չեմ կարծեր, հետեւցնելով մեր այստեղի լռութենէն։ Թերեւս հոդ ուրիշներէ արձագանքներ յղացուին սաղմնաւորուած եօթնալեզուեան բամբասանքներէն եւ միականի [ի]ն էնթրիկներէն։ Ցաւալի է, եւ ես կարծեմ թէ զՁեզ եւ թէ մեզ նեղելէն եւ վրդովելէն զատ ազդեցութիւն չունին ատոնք։ Ամէն ալիք նաւը չի փշրեր, բայց [դժբախտաբար] գրեթէ ամէնն ալ կարող են սիրտ [1 անընթ. ] պատճառելուն։

Գրիգորէն խորին յարգանքներ. մենք միասին կ՚աշխատինք. ջանադիր ենք, որ Ձեր ջանքերը ի դերեւ չելլեն։ Իմ աշխատութիւններու տեսակը այնքան սիրելի կը դարձնին իրենց նիւթը, որ խիստ դժուար պիտի ըլլայ պարապ ժամեր վատնել։

Ամսահաշիւս կու տամ։

Յունուարի հաշիւ

սենեակ, ճաշ ու փեթրոլ    75

գիրք եւ տեստինս             7-50

լուացք                             2-20

տետր եւ օրացոյց մը                  - 85

թղթատարի                      - 85

թատրոն                           1

կօշիկի նորոգման            5

մանր-մունր                      - 60


93

Կ՚աւելնայ 7 ֆրանք, զոր պիտի ջանամ անձեռնամխելի պահել՝ ըլլայ զգեստեղէնի համար, ըլլայ ո՛վ գիտէ յանկարծապէս հիւանդութեան օրերու համար։

Մէկ խօսքով գոհ եմ եւ խորապէս շնորհակալ։ Եղած բարիքը երբեք մոռացում պիտի չվերցնէ։

Յարգանքներս վարդապետ Անդրէասին եւ Հայր Արսէն վարդապետին եւ [1 անընթ. ] էֆէնտիին։

Կը համբուրեմ սուրբ աջերնիդ եւ կը մնամ սիրալիր մաղթանքներով խոնարհ սան Ձեր՝    

Դանիէլ Վարուժան