Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

119. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

17 օգոստոս, 1908, Թորին

Սիրելի Հայր,

Արիստ. վարդապետ Քասգանտիլեան,

Գիտնալով, որ ինծի հանդէպ Դուք մասնաւոր սէր մը ունիք, կը դիմեմ Ձեզի ծառայութեան մը համար, որ շատ մեծ եւ թանկագին պիտի ըլլայ ինծի համար եւ գուցէ ազգին ալ։

Ոչ մէկ հարուստ կը ճանչնամ, որպէսզի կարենամ իր միջոցաւ քերթուածներուս հրատարակութեան ծախքը ապահովել։ Դեռ շնորհքով հատոր մը լոյս չեմ ընծայած, եւ այս բանը վէրք մըն է սրտիս, ասիկա ամօթ մը կ՚առթէ ինծի ամէն ատեն, որ ասկէ անկէ ներբող մը կ՚ուզեն բանաստեղծական արժանիքի մը, զոր դեռ կատարեալ հատորով մը չեմ ի սպաս դրած հասարակութեան։

Կը մտածեմ, թէ Ձեր սէրը զայս պիտի կրնայ յաջողցնել եւ ապահովել. արդ՝ պիտի խնդրեմ, որ Ձեր բոլոր հեղինակաւորութեամբը դիմէք Խ. Խերիյեանին եւ ինծի տրամադրելի ընել տաք 900 ֆրանքի չափ գումար մը բանաստեղծութեանց գրքի մը համար, որ կը վստահեցնեմ, պատիւ պիտի բերէ իր մեկենասի անուան։

Դիմեցէք անձամբ. որդիական համարձակութեամբ է, որ ասիկա կ՚ըսեմ. դիմեցէք անձամբ, եւ ես ապահով եմ, որ պիտի իրականացնէք խնդրանքս եւ փափաքս։

Եթէ երբեք այսպէսով հասարակաց հրապարակին վրայ պատճառ ըլլաք մրտենի պսակ մը դնելու Մուսային գլխուն՝ անոր դալկահար սիրահարը բերկրանքէ պիտի արտասուել տաք ապահովաբար։

  Կը սպասեմ անուշ լուրի մը։ Ձեզ հանդէպ ունեցած սերը, ուրկէ նշանախեց մ՚իսկ չէ խախտած, Ձեր անունը որդիաբար յաւիտեան պիտ գգուէ։

Յարգանքներով եւ սիրով
Դ. Վարուժան

Կու տամ հասցէս.

Via Trincipa Amedeo 46, Torino

Յ. Գ. ինչպէս կանխաւ գիտէք՝ այս տարի Ազոլօ կ՚ուզէի անցնել։ Տեսուչը առաջարկս մերժեց՝ շատ ազնուաբար եւ իրմէ անկախ պատճառներով, արդ գոհ եղայ միայն Իտալիա գալով պ. Դերենիկին քով, որ ինձ հանդէպ միշտ պատուական ընկեր մ՚եղած է։

Միշտ Ձերդ
Դ. Վ.