Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

121. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ

17 հոկտ., 1908, Կանտ.

Սիրելի Հայր

(գեր[ապատիւ] Յովհ. Թորոսեան)

Բաւական նեղութեամբ սպասելէ վերջ ստացայ 150 ֆրք. որուն համար ընդունեցէք շնորհակալութիւններս։

Բայց չկրցաւ միտքս հաշտուիլ վեր[ապատուելի] Հացունի վարդապետին գրածին հետ, որով կը ծանուցանէր, թէ այդ դրամը միմիայն սահմանուած է ըլլալու համալսարանի ծախուց իբր մէկ մասը, եւ միւս մասը պիտի ուղարկէ մօտերս։

Մասնաւորապէս կ՚ըսէր նաեւ, թէ կանոն տրուած է, որ (օգոս. սեպտ. հոկտ. ) եռամսեայ արձակուրդի ամիսներուն համար Մուրատ-Ռափայէլեանի ուսանողաց պիտի տրուի ասկէ վերջ 200 ֆրանք՝ փոխանակ 300 ֆրանքի։

(Նախ հոս փակագծի մէջ ըսեմ, թէ իմ արձակուրդս 3 ամիս չէ, այլ 2 ամիս եւ տասնհինգ օր միայն)։

Գալով այդ կանոնին, իբրեւ կանոն՝ անոր իրաւունք չունիմ ո՛չ մէկ բան ըսելու։ Մուրատ-Ռափայէլեանի միւս ուսանողները, եթէ իրենց օրինաւոր կը թուի, զայն իրենց կարգին՝ կրնան ընդունել կամ ո՛չ։ Ես այդ տեսակէտով անտարբեր եմ, վասնզի անհատէ անհատ նիւթական եւ բարոյական պարագաները կրնան շատ տարբեր ըլլալ։ Բայց ինչ որ իմ անձիս կը վերաբերի՝ ես այդ կանոնը չեմ կարող ընդունիլ եւ միայն՝ չեմ կարող ։ Վասնզի անիկա իմ օրինաւոր պէտքերուս գոհացումը հիմնապէս կասեցնելէ զատ, այլեւս ինծի անկարելի կը դարձնէ ապրիլ ուսանողական կեանք մը, որ արդէն իսկ շատ անձուկ է եւ առանց այդ զրկումին ալ նիւթական եւ բարոյական երկար զոհողութիւններով քաշքշուած մինչեւ այս օրս։

Հաւատացէք, որ արդէն կանոնաւորապէս 100 ֆրանք ամիսն ստանալէ՛ վերջ՝ հազարու մէկ մահացուցումներով կ՚ապրիմ եւ չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս այդպիսի որոշումը կը կնքուի։ Համբերութիւն ունի՞ք, եթէ Ձեզի փոքրիկ-փոքրիկ հաշիւ մը տամ։ Եւ ինչու չէ, ես կը փափաքիմ, որ ի՛մ կենակցութիւնս եւ բոլոր յարաբերութեան կապերս լոյսի եւ պայծառութեան մէջ հանգուցուին:

Ամսական աւելի կամ նուազ հաստատուն ծախքերը.

ֆր. նախաճաշ, սենեակ, ճաշ. (ձմեռը վառարան)

2 » լուացք

6 » դասագիրք. dispense [1]

2 » նամակադրոշմ, քարտ՝ առնուազն

3, 50 կազ լուսաւորութեան, տետր, գրիչ, օճառ եւ այլն, եւ այլն

1, 50 մազի խզման կամ մօրուքի համար։


95 ֆրանք

Կը մնայ քովս 5 ֆրանք։ Այս հինգ ֆրանքով, ըսէք խնդրեմ, կօշիկիս, ճերմակեղէնի նորոգմա՞ն հասնիմ, թէ չէ զգեստեղէնի, թէ չէ՜ գոնէ երբեմն երթամ թատրոն տրամ մը տեսնելու։ Ասիկա եթէ աղքատ ուսանողի մը թոյլ չէք տար՝ գոնէ յուսամ, թէ գրականութեամբ զբաղողի մը ներելի պէտք է նկատուի։

Իսկ զգեստեղէնի մասին՝ նոյնիսկ ուրիշէ մը պէտք ունիմ մերթընդմերթ օժանդակուելու։ Մարդու մէջ ելլելու կամչնամ։ Ահա ձմեռն եկաւ, եւ ես ամառային զգեստով եմ եւ այնպիսի վերարկուով մը, զոր ես կարծեմ Դուք ինքնիդ վրայէս պիտի հանել տայիք եւ աղքատ գործավորի մը իբրեւ ողորմութիւն տալու (ասոնք այնպիսի խոստովանութիւններ են, զոր հոգեկան հպարտութիւնս պիտի չներէր ինծի՝ ոչ ոքի պատմելու, եթէ զձեզ հօր մը տեղ դրած չըլլայի)։

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի համալսարանի ծախսերուս, ասկէ վերջ անպայման պիտի ղրկեմ ստացագրերը՝ հազիւ թէ առնեմ՝ ընդունայն կասկածներու տեղիք չտալու համար։

Կ՚ուզուի մանաւանդ այնպիսի ժամանակ մը զիս օրինաւոր իրաւունքէ մը զրկել, որուն պէտք ունիմ ամէն ատենէ աւելի։ Հայկական հին իրաւագիտութեան վրայ կ՚ուզեմ thèse մը գրել. անհրաժեշտ է։ Այս տեսակէտով կ՚ուզէի ամառը հոդ գալ՝ չեղաւ։ Ա՜րդ, շուարած մնացեր եմ, ո՛ր մէկ դրամովս այդ գիրքերը պէտք է ձեռք բերեմ։ Դուք ըսէ՛ք, եթէ կ՚ուզէ՛ք, որ վարժարանը գիտնական սաներ արտադրէ։

Արդ ցոյց տուէք ուրիշ ելք մը, եւ ես այդ նոր դրուած կանոնին առջեւ կը խոնարհեմ։ Բայց չէ որ ուրիշ ելք չկայ։ Եթէ այսօ՛ր զիս իբրեւ պարտապան գող մըն ալ կախաղան բարձրացնեն՝ ես դարձեալ հօրմէս դրամ չեմ ուզեր, վասնզի գիտեմ, որ չունի, գիտեմ, որ իրենց՝ ծնողացս բերանին պատառն է, զոր անգթօրէն պիտի քաշեմ։

Տարիներով կին եւ որդի մինակ թողելէ վերջ, պանդխտութեան մէջ անբարոյական եւ քարասիրտ տէրերու լուծին տակ մաշելէ վերջ՝ երբ ան հազիւհազ 10-20 ոսկի մախաղին մէջ դրած վերադարձաւ ընտանեկան յարկը։ Բաւական անզգայ պէտք է ըլլալ այդ ալ ձեռքէն առնելու՝ գիտնալով հանդերձ որ սիրով կու տայ եւ ի հարկին կը վերադառնայ դարձեալ նժդեհութեան ծոցը։

Կարճ. ինծի երկու միջոց կը մնայ. կամ վարժարանը ուղղակի իմ օրինաւոր եւ ուսանողի պէտքերէս առաջնորդուած միայն՝ այդ պէտքերս բոլոր կը հոգայ՝ ա՛յն գիտակցութեամբ, թէ բարերարներու դրամը ծովը նետած չըլլար, եւ կամ պէտք է ուսումս կէսկատար թողած երթամ եւ օրական հացս շահիմ։

Ուստի, սիրելի Հայր, կը խնդրեմ աւելի բարի որոշում մը եւ կը սպասեմ անհամբեր։ Արդէն ղրկած 150 ֆրանքէն՝ 100-ը հոկտեմբերի սենեակի եւ pension-ի [2] պարտքերուս վճարած եմ մեծ մասամբ եւ 50-ը պահած եմ՝ ամբողջացնելու եւ վճարելու համալսարանին, որուն ստացագիրը ինչպէս ըսի անպայման կը ղրկեմ հրամանքնուդ հասցէին։ Յուսամ, թէ նոյեմբերին սկիզբը առանց ամսաթոշակի պիտի չթողուք զիս՝ ինչպէս մինչ ցարդ չըրիք։ Վստահ եղէք, որ ես իմ պարտքս կը կատարեմ բնութեան ինծի շնորհած ուժերէն ալ աւելի։ Եւ արգահատանքով է, որ կը նայիմ բոլոր իմ թերահաւատներուս եւ չարախօսներուս վրայ՝ (եթէ ունիմ).

Ըսի եւ ըսի ամենայն անկեղծութեամբ։

Ընդունեցէք սիրալիր յարգանքներս

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան

Յ. Գ. Գուցէ Իտալիա գնալս (կ՚ենթադրիմ) մտածել տայ, թէ քովս աւելորդ դրամ պէտք է ըլլայ. բնա՛ւ երբեք։ Մեկնելէս առաջ ըրած հաշիւս պարզ էր։ Յուլիսի թոշակս ստացածիս պէս՝ անոր մէկ մասովը աւելցնելով միայն 20 ֆրանք, որ պահած էի զգեստի համար, ուղղակի գնացի Թորինո։ Արդէն Դերենիկէն հրաւիրուած ըլլալով՝ իր քով կեցայ։ Երկու ամիս ո՛չ սենեակի ծախք վճարեցի, ոչ ալ ճաշի համար այնքան՝ որքան Կանտ պէտք էի վճարել (կերակուրները հոն տղաք աւելի աժան կը պատրաստէին՝ իրենց մէջ)։ Արդ, ինչպէս կը տեսնուի, ճամբու ծախս այդ ոճով դիւրութեամբ ելաւ, եւ միայն փոքր խնայողութիւնս՝ 20 ֆրանքը աւելի ծախսուեցաւ, զոր պահած էի զգեստեղէնի համար եւ որուն համար քարտիս մէջ Ձեզի կ՚ակնարկէի՝ չգիտնալով ինչպէս ընել այս ձմեռ զգեստի համար։ Այս ալ Ձեր խղճին կը ձգեմ։   

Նոյն

Յ. Գ. Այս նամակը արդէն գրած էի, երբ քիչ վերջ ստացայ Ձեզմէ սիրալիր քարտ մը, որուն մէջ եւ ո՛չ իսկ ակնարկութիւն մը կ՚ընէք ինծի համար այսպէս նշանակութիւն ունեցող խնդրոյ մը նկատմամբ։ Արդ՝ կը մտածեմ, թէ չըլլայ որ Գերապատիւ Հացունիի վարդապետին գրածը թիւրիմացութեան մը արդիւնք ըլլայ միայն։ Ամէն պարագայի նամակս կ՚ուղարկեմ։

Խնդրեմ շուտով զիս մտատանջութենէ ազատէք։

Հայր Կարապետ վարդապետի մասին տուած լուրերնիդ անհունս ուրախացուց զիս։ Արդէն անցեալ տարի այդպէս դիտաւորութիւն մը ինծի գրած էր։ Գրեցի, որ լաւ կ՚ընէ Կանտ գայ։ Փորձուեցայ նոյնիսկ Արհիապատիւ Աբբահօր ալ այդ մասին գրել՝ համալսարանին եւ ժողովուրդին բարքերուն առաւելութիւնը եւ մաքրութիւնը պարզելով։ Բայց խորհեցայ, թէ Սրբազանութեան քով հաւանական է, որ հեղինակութիւն չունենայ ձայնս։ Հայր Մկրտիչ վարդապետէն արդէն նամակ կը ստանամ։ Բայց չէի գիտեր, որ այսպէս շուտով պիտի վերադառնար Վենետիկ։ Կը ստանամ նաեւ երբեմն Հայր Ներսէհ վարդապետէն, եւ այդ նամակները միայնութիւնս նուազ զգալի կ՚ընեն։

Դարձեալ եւ միշտ Ձերդ խոնարհ
Դ. Վարուժան



[1] Ընդհանուրից բացի, մնացեալից դուրս։

[2] Կենւորութեան։