Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

138. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ

30 յունիս, 1909, Կանտ

Գերապատիւ Հայր,

Ընդունած եմ նամակնիդ։ Շնորհակալութիւնս Ձեր սիրալիր մաղթանքներուն ։ Ի՜նչ նշանակութիւն, թէ քարտիս մէջ խնդրական կէտ մը կար։ Ճշմարիտը խօսելով խնդրական կէտ չէր այդ. այլ իրաւունք մ՚ուզելու ազնուամիտ ձեւ մը։ Մի՞թէ քաղաքավարութիւնը չուզեր. որ նոյնիսկ արդար պահանջ մը մարդ մարդավարութեամբ ուզէ։

«Ծուռ նստինք շիտակ խօսինք». եթէ ժողովը այս կէտին մէջ ալ շիւղեր որոնէ եւ իր «կողմը տաշէ»՝ ճղճիմ հոգուոյ աւելի պերճախօս նշան տուած պիտի չըլլայ։

Ամէն պարագային ըսեմ իմ առարկութիւններս, զոր իրաւացի նախազգուշութեամբ կ՚ուզէք նախապէս։

Ա) Ես ուսանող նշանակուած եւ տարեշրջանս սկսելու համար Հայր Ստեփանի օրով առջի անգամ Կանտ մեկնած եմ հոկտեմբերի վերջին օրերը, այնպէս որ դասերս ստիպուած եղած եմ սկսել նոյեմբերի սկիզբը միայն։ Արդ, եթէ տարեշրջաններուս նախամիսը համարին ա՛յն, որում զիս արձանագրած են ուսանող եւ ի վիճակի դրած են համալսարան յաճախել՝ այդ ամիսը նոյեմբերը կ՚իյնայ, ու այսպէսով ես իրաւունք կ՚ունենամ հոկտեմբերի 100 ֆրանքով միատեղ՝ ուզել 300 ֆրանք ։

Բ) Իսկ եթէ համալսարանին տարեսկիզբը օրինաւորապէս բացող առաջին ամիսը նկատողութեան առնեն՝ այդ ո՛չ հոկտեմբերին մէկն է եւ ո՛չ ալ նոյեմբերը, այլ հոկտեմբերին 15-ը վասնզի ընդհանուր կանոնով նոյն ամսուան 15-ին է, որ կ՚սկսին դասախօսութիւնները. ուրեմն այս հաշուով իրաւունք կ՚ունենամ ստանալու 250 ֆրանք, 50 ֆրանքը հոկտեմբերի առաջին կէսին համար ։

Այս բանին նկատմամբ ի՞նչ փաստ կ՚ուզեն, որ ուղարկեմ ես. կ՚ըսեմ իբրեւ մարդու խօսք, եթէ կը փափաքին՝ թող համալսարան հեռագրեն եւ տեղեկանան։ Այդ իմ գործս չէ։

Հիմա գալով ինծի՝ ես իհարկէ պիտի ուզեմ, որ նոյեմբերը նշանակուի եւ նկատողութեան առնուի տարեշրջանի իբրեւ նախաամիսը վարժարանին առաջուց նշանակածին, ու այս հաշուով ստանամ 300 ֆրանք ։

Իսկ եթէ կ՚ուզէք վերջին առարկութիւնս, վերջին փաստս ու վերջին պահանջս ա՛յն է, որ անհրաժեշտ պէտքը ունիմ 300 ֆրանքի ՝ փոխադրելու համար զիս եւ գրքերուս սնտուկը Եւրոպային մէկ ծայրէն միւսը։ Հարկաւ այսքանը իրենք ալ կրնան մտածել։

Վերջապէս հաճեցէք շուտով ուղարկել տալ, որպէսզի հիմակուէն petite vitesse-ով [1] ճամբայ հանեմ սնտուկս, որպէսզի նախօրով ինծի հետ Պոլիս ժամանի։ Սպասելով, որ այս հարցը չի քաշքշուիր եւ ապարդիւն բանակցութիւններով քննութիւններուս արգելք չի հանդիսացուիր,

մնամ սիրալիր յարգանքներով.

Ձերդ խոնարհ
Դ. Վարուժան



[1] Փոքր արագութեամբ։