Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

180. ԳԱՐԵԳԻՆ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻՆ

27 մարտ, 1913, Պոլիս

Մեծայարգ տիար Գ. Լեւոնեան,

Ստացայ Ձեր «Գեղարուեստի» մասին ըրած յայտարարութիւնը, որով կը հրաւիրէիք զիս եւս՝ այս վերջի թիւին աշխատակցելու։ Հայր Մկր. Պոտուրեան ես նոյնը կ՚ըսէր ինծի հաղորդելով միանգամայն Ձեր սիրելիութեան բարեւները։

Ազնիւ պարոն, քաղցր է ինծի պատասխանել Ձեր հրաւէրին ներփակ քերթուածիկովս։

Միայն մի քիչ ցաւած եմ Ձեզի հանդէպ այն պատճառաւ, որ (Ձեր վճարման խոստումով իսկ՝ ինչ որ նշանակութենէ զուրկ է ինձ համար) ասկէ առաջ ալ աշխատակցած եմ գեղանի «Գեղարուեստին», եւ Դուք մի քիչ խորունկ մոռացումով գուցէ՝ անոր եւ ոչ իսկ մէկ թիւը ինծի ուղարկեցիք։

Կովկասում Թորգոմ սրբազան Գուշակեանի ըսած էք, թէ անկէ ինծի ղրկած էք. ես ոչինչ չեմ ստացած. կամ այն է՝ որ «Գեղարուեստը» ինծի մատչելու համար զիս շատ տգեղ կը գտնէ, կամ այն՝ որ ճանապարհում անիկա կ՚առեւանգուի՝ ինչպէս առհասարակ բոլոր գեղանիները՝ Տաճկաստանի մէջ։

Ահա Ձեր հանդէպ ունեցած իմ գանգատս այսչափ է, եւ կարծեմ քիչ մը իրաւունք պիտի տաք ինծի

Մնամ սիրալիր բարեւներով
Ձերդ
Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Զգուշութեամբ կոխեցէք Հայրերուն նուիրական կղզին` Ձեր ամէն մէկ քայլը կրնայ հանճարի մը աճիւնին հանդիպիլ եւ իմ փոխարէն կը պաղատի՜մ —Ալիշանի շիրմաքարը անգամ մը եւս համբուրեցէք, եւ ապահով եղէք, որ մարմարիոնին անբծութիւնը Ձեր շրթներուն տակ՝ սրտիս պէս պիտի բոցավառուի։

Նոյն

Constantinople Péra

Rue Jechii N1