ԱՐՑՈՒՆՔԻՆ
ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ
Այտերն
ի
վար,
այտերն
ի
վա՜ր,
ուր
յաւէտ
Կը
տոչորի
հետքը
վերջին
համբոյրին ,
Իջի՛ր,
արցունք,
զովութեանդ
մէջ
երկնաւէտ.
Թող
սէրերու
յետին
բոցերը
մարին։
Գգուանքներու
ծովուն
վըրայ
ալեւէտ ,
Մեռած ,
թօշնա՜ծ
խոստումներուն
վրայ
ցրտին՝
Իջի՛ր,
արցունք,
զօրութեանդ
մէջ
կենսաւէտ,
Իջի՛ր
սառած
երազներուն
վրայ
սրտին։
Համբոյրներու
թերթերուն
վրայ
ցիրուցան,
Անո՛նց
վըրայ
որ
«կը
սիրենք
քեզ
»
ըսին ,
Անո՛նց
վըրայ,
որ
ժպտեցան
ու
անցան.
Ու
խեղճ
Սրտին
մոխիրներուն
վրայ
տրտում ,
Փլատակներո՛ւն
վրայ
Տենչին
ու
Յոյսին՝
Իջի՛ր,
արցունք,
գորովանքովդ
անդադրում։
7
Մարտ
1907