ՃԻՇԴ
ՍԷՐԸ
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է
որ
չես
ըսեր
Բարեկամիդ
ու
թշնամուդ
Կը
մարես
քու
յետին
լոյսեր
Ու
կ’ամփոփուիս
սրտիդ
մէջ
մութ…։
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է
որ
չես
ըսեր
Վճիտ
կերպով
դուն
քո՛ւ
հոգուդ՝
Չես
գիտեր
դեռ
ի՞նչ
է
քու
սէր ,
Երանութի՞ւն
թէ
վիշտ
անգութ…։
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է
որ
չես
ըսեր
Հոգեհատոր
քու
սիրելւոյդ ,
Ու
լալըդ
ո՛չ
ոք
չի
լսեր ,
Համոզուած
ես
չի
սիրելուդ…։
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է…
Ախ
մի
ըսեր
Շիրիմիդ
մէջ
զայն
Աստըծուդ…
Հոն
կ’օրօրեն
քեզ
հին
յոյսեր
Ու
կը
հաւատաս
դեռ
սիրելուդ…։
***
Փակեր
ես
փեղկըդ
մեկուսի՝
Մաղձըդ
սրտիդ
մէջ
կը
հոսի.
Բա՛ց,
դո՜ւրս
հոսի,
վէրքըդ
լա՜յն
է
Ո՛չ,
կը
փակուիս,
Սեւ
սէրն
ա՛յն
է։
Առանց
հաշուի,
առանց
յոյսի
Կը
ճամբորդես
առանց
լոյսի՝
Ուղիդ
տարտամ
ու
երկայն
է
Բայց
դուն
կ’երթաս…
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է։
Արիւնելով
տարակոյսի
Փուշէն՝
կ’երթաս
հետքէն
կոյսի
Այդ
ճամբուն
ծայր
մահդ
է ,
կա՛յնէ…
Բայց
դուն
կ’երթաս…
Որբ
սէրն
այն
է։
Տապանիդ
վրայ
ծըլող
բոյսին
Մի՛
պատմեր
սէրըդ
անյոյսի ,
Կը
կոխոտեն
զայն
ունայն
է ,
Պահէ
քու
մէջ…
Ճիշդ
սէրն
ա՛յն
է։
Լօզան,
1911