ԺՊԻՏ
Ցանկայարոյց
ու
միամիտ
Բոյրի
մը
պէս
տարտամօրէն
Հոգիիս
մէջ
կ’իջնես
նորէն ,
Ո՜վ
կանացի
միսթիք
ժըպիտ։
Մութ
բաժակիդ
գոգը
վայրի
Հազար
բոյրեր
կ’եռան
գինով ,
Դուն
ի՞նչ
ունիս,
որ
հատնումով
Թարթիչներուդ
վրայ
կ’այրի։
Անգաղտնապահ
վանկերդ
ամէն
Սիրով,
տենդով,
ցաւով
յըղի
Գիշերներուն՝
գաղտագողի
Փլատակնե՛րը
կը
պատմեն։
Ու
ամբարիշտ
խունկի
մը
պէս
Անուրջի
մը
պէս
տարօրէն ,
Ալիքնե՛րըդ
զիս
կ’ողողեն ,
Կարծես
հոգի՜ս
լացնել
ուզես…։
Ահա
գերի՜ն
եմ
հըպումիդ.
Սեւ
աչքերուդ
մութը
բոլոր
Զիս
կը
վարէ
քայլամոլոր…
Ո՞ւր,
ո՞ւր
այսպէս,
ահե՜ղ
ժըպիտ…։
[1908]