ՔՆԱՑՈՂ
ԱՂՋԻԿԸ
Սնդուսներու
դիւթական
փրփուրին
մէջ
սպիտակ՝
Տեսայ
որ
ան
կը
մրափէր՝
ինչպէս
կաթիլ
մը
ցօղի,
Կը
քնանայ
յուլօրէն,
շուշանի
մը
շուքին
տակ ,
Բիւրեղ
մարմինը
գինով
երազներով
իր
յըղի։
Կէսխուփ
կոպին
տակ
աչքերն
կը
հալէի՜ն
կապուտակ ,
Մերկ
ուսերէս
վար
կարծես
թեթեւ
արշաւ
մ’էր
դողի.
Ու
ալեւէտ
մազերու
խարտիշագեղ
քողին
տակ
Կ’ելեւէջէր
իր
դեռահա՛ս,
փոքրիկ
լանջքը
կատաղի…։
Այսպէս
մութին
մէջ
փռուած,
դիցուհիի
մը
պէս
հին ,
Չես
գիտեր
ի՛նչ
մ’ունէր
ան
պաշտելի
ու
ահաւոր ,
Դեռափթիթ
աղջըկան
իր
մրափին
մէջ
լռին։
Ու
իր
շունչին
մէջ
համակ
անրջանքի,
համբոյրի ,
Դե՜ռ
չի
ծծուած
բոյրերու
պատարագ
մ’էր
հեշտօրօր…։
Օ՜հ
քնացող
կիրքերէն
ծորող
նեկտա՛րը
վայրի…։
1908