Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂՔԸ
       Չիֆթէ֊Սարաֆին
       Առաջին գիշերն, Արարիչ Ոգին՝
Մարդկութեան ծընող առաջին զոյգին
Ըսաւ՝ «Կ'ուզէ՞ք որ ջահեր անհամար
«Վառեմ ձեր հանդէսն ընելու համար»։
       Ու սիրահրաւէր աչերու նըման
Երկնքին հո՜յլ֊հո՜յլ աստղերը ծընան։
       «Կ’ուզէ՞ք որ երգեր, հեծեծներ տրտում
«Ալիքներ ձայնի, հեւքեր անպատում ,
«Կարկաչներ ընդհատ, սարէն, ծործորէն ,
«Իրենց թաքուն սէ՛րը ձեր մէջ ծորեն։
       Ու միջոցին մէջ թրթռումի, ձայնի ,
Մեղմին պատարագ մըն էր գարնայնի։
       «Կ’ուզէ՞ք որ, հծծեց Ոգին , գիշերուան
«Մէջ, օդին մթին ալքերը հեւան ,
«Ու աննիւթ, անգոյ շունչեր հիւսիսէն
«Ձեր լուռ սրտերուն սիրերգը հիւսեն»։
       Մո՜ւթ, անծայրածի՜ր դաշտին վրայ բոլոր
Շնչեց գիշերին սիւքը մեղմօրօր։

Ու դիւթի՜չ, կախա՜րդ խաղ մ’էր ամէն դի.
Վըտակը հեքիա՜թ մ’ունէր արծաթի ,
Ծղրիթն օրօրո՜ւն շիւղի մը վըրան
Հի՜ն երգ մը կու լար, կ’այրէ՜ր փոսուռան։
       Ու այս մոգութեան ծո՜ցը ցայգային
Բի՜ւր ըղձանոյշներ կարծես պար գային։
       Խունկի, աղօթքի, բոյրի այս պահուն
Գարնան առաջին ցայգն իր Սէ՜րն անհուն
Նոր օրէնքի մը նըման ահագին
Լո՜ւռ կը մռնչէր ահաբեկ զոյգին։
       Ինքզինքնին մինա՜կ զգացին, տխո՜ւր .
Գազաններ զոյգ֊զոյգ քաշուեր էին լո՜ւռ։
       Ու մարդն առաջի՛ն, տըղու պէս դողդո՜ջ ,
Մօտեցա՜ւ սիրով առաջի՛ն կընոջ…։
Այն ատեն Աստուած զինք մինա՜կ զգաց
Իր Անհուններուն մէջ լացաւ յանկարծ…։
       —Առտուն իրենց վրայ ինկած ցօղն խոնաւ
Այդ արցունքն էր չա՛ր. Մեղքն անկէ ծընաւ…։
       Լօզան, [1910]