ՍԻՐՈՅ
ԾԱՐԱՒ
Հծծեց.
—
«Ծարա՜ւն
ունի
հոգիս
Աղբիւրներու
գէ՜ջ,
կարկաչո՜ւն .
Արցունքներու
մէջ
պաղպաջուն
Զովացնէի
հիւանդ
հոգիս…։
«Ծարա՜ւ,
ծարա՜ւն
ունի
հոգիս
Արշալոյսի
գա՜ղջ
ծովերուն ,
Ծո՜վ֊ծո՜վ
սիրոյ
գա՜ղջ
հովերուն ,
Տայի
թերթերն
տառապանքիս…»։
Իր
ճամբուն
վրայ
ծլած
հազա՜ր
Կո՜յս
ծաղիկնե՛րը
կ’ըսէին.
«Ա՛րբ
մեր
նեկտա՛րը
կուսային…»—
Կ’անցնէր
պարմանն
ու
կը
հազա՜ր…։
Ծարաւեր
է՜ր։
Շուրթներն
անահ
Հպան
ծծել
նեկտարն
ակէն…։
Տեսէ՛ք,
Սիրոյ
սուրբ
բաժակէն
Պարմանն
հիւանդ
կ’ըմպէ
իր
Մահ…։
[1911]