ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ
Վերջալոյս
է.
կը
քալեմ.
հովը
վայրագ
կը
փչէ.
Խռովեր
է
լըճակին
կապուտակ
սի՛րտը
աղուոր
Հովին
շունչին
մէջ
ընդհատ՝
զանգակատան
երգը
չէ՞
Որ
սարերուն
կը
պատմէ
հին
մեներգ
մը
սգաւո՜ր։
Հեռուն
ծառեր
կան
տեղ֊տեղ՝
ափունքն
ի
վար
լճակին.
Տերեւաթա՛փ,
հողմակո՜ծ,
անոնք
կանգներ
են
հըլու.
Ու
ճիւղերնին
դէպի
ջուր
դողդղալով
կը
հակին ,
Կարծես
հազա՜ր
գաղտնիքներ
ունին
լըճին
պատմելու։
Ամպի
թեթեւ
ծուէններ՝
հովէն
տարուած
անդադրում՝
Ցածէն
կ’անցնին
հուպ
տալով
սարին ,
ծառին ,
լճակին.
Անոնք
կ’անցնին
հալածուող
անուրջներու
պէս
տրտում ,
Չը
հասկցուա՜ծ
բաներու
աղուորութեամբն
անմեկին։
Վերջալոյս
է.
կը
քալեմ.
հովը
վայրագ
կը
փըչէ .
Միապաղաղ
ամպերու
սառնութեան
մէջ
մարմարի ,
Հորիզոնին
վրայ
լուռ,
արեգակին
ցոլքը
չէ՞
Որ
այսօր
ալ՝
ինչպէս
միշտ՝
դողդղալով
կը
մարի։
Բայց
ի՜նչ
տրտում
վերջալոյս։
Երկնքին
վրայ
աշունի
Ո՛չ
արեւի
բիւրազնեայ
շառաւիղներ
թըրթըռուն ,
Ո՛չ
երանգներ
բոցավառ,
ո՛չ
երակներ
ծիրանի ,
Ո՛չ
իսկ
երիզ
մ’ոսկիէ
եզերքն
ի
վար
ամպերուն։
Անշրջագի՜ծ,
անորո՜շ,
սառած
ծովու
մը
նման՝
Հորիզոնը
համօրէն
գորշ
անհուն
մ’է
կապարի,
Ուր
աշնային
օրերու
տժգոյն
արեւն
անսահման
Զգալաբար
կը
հալի՜,
կը
տարտամնա՜յ,
կը
մարի՜։
Ուր
իրիկունն
է
արդէն.
հով
ու
ալիք
կը
հեւան.
Երազներու
գոյնին
պէս՝
մութն
իր
քողը
կը
թափէ.
Հեռո՜ւէ
հեռու,
մենամոլ
տրտմութեան
մէջ
իրիկուան ,
Ուշ
մնացած
թռչուն
մ’է
որ
դէպի
սար
կը
շտապէ։
[1907]