Կ’ԱՐԻՒՆԻ
Տժգոյն
դողդոջ
գիծ
արիւնի…
Մահօրէ՜ն
լուռ,
նստած
կողքիս,
Կ’իտէանաս,
ո՜վ
քոյր
հոգիս։
Իրիկնավերջը
կ’արիւնի։
Լեռներն
հսկայ
անրջանքներ
Կը
խնկանան
լիճի
ափին.
Հոգիները
կը
խարշափին.
Ամպո՜տ,
անծա՜լ
ջուրն
է
մեռեր։
Ի՜նչ
խորն
է
այս
պահն
աշունի
Հորիզոնը
կ’այրի
անշէջ
Կու
լա՞ս…
Այսօր
մեր
հոգւո՛յն
մէջ
Իրիկնավերջը
կ’արիւնի։
Ա՜խ,
ըլլայիր
դուն
աշունի
Լիճն
այս
գինով
սիրոյ
մէգով.
Ա՜խ,
ըլլայի
ես
ափիդ
քով՝
Լեռնացած
սէրն
յաւիտենի…
[1914]