ԱՄԷՆՈՒՆ
ՊԷՍ
Մերիններուն
Գեղեցիկ
էր ,
—
կ’ուզէր
ըլլա՜լ։
Հըրաշակերտ
մարմին
մ’ունէր ,
Աղուո՜ր
էին
իր
աչերն
ալ ,
Մի՛այն…
Մօրը
շա՜տ
կը
նմանէր։
Աշխոյժ,
գործօ՜ն
ու
յարատե՜ւ ,
Շատ
պարկեշտ
էր
ու
շատ
ալ
հեզ.
Հիմնապէս
լո՛ւրջ,
կ’ուզէր
թեթե՜ւ
Ըլլալ
քիչ
մը…
Ամէնուն
պէս։
Մայրը
«անմի՛տ
»
կ’ըսէր
իրեն ,
—Խե՜ղճը
քիչ
մը
շա՜տ
էր
հլու,
—
Ինչե՜ր
կ’անցնէր
սրտին
խորէն՝
Բայց
կը
քաշուէր
միշտ
ըսելու։
Հոգին
չ’զգար
թերեւըս
սէր ,
Բայց
սենեակին
մէջ
ներքնապէս
Գիշերն
իր
սի՛րտը…
Կը
մսէր ,
Կ’ուզէր
ընել…
Ամէնուն
պէս։
Կուրծքը
կեանքոտ,
սիրտը
տրոփուն ,
Հետեւեցաւ
պարկեշտօրէն
Իր
սիրական
մօրը
ճամբուն ,
—Խելօք
էրիկ
մ’ընտրեց
իրեն։
Իրարու
շա՜տ
բաներ
ըսին՝
Քիչ
մը
հինցած ,
—
բայց
սիրակէ՜զ։
Շրթունքնին
ալ
մէկը
միւսին
Մօտեցուցին…
Ամէնուն
պէս։
Ու
ճըւալէն
տըղան
ծընաւ.
Մնաք
բարո՜վ
համբո՜յր
ու
սէր.
Մի՛շտ
տանջըւիլ,
չի
հրճուիլ
բնաւ ,
Ասանկ
բանի
չէր
սպասեր։
Ձանձրոյթն
իրեն
սիրտը
խոցեց.
Կեանքէն
յոգներ
էր
պարզապէս.
Խեղճը
աչերն
օր
մը
գոցեց
Ու
չի
բացա՜ւ…
Ամէնուն
պէս։
Լօզան,
[1912]