ԵՐԹԱ՜Լ…
Երթա՜լ,
երթա՜լ,
երթա՜լ
անձայն,
անհանդէս.
Երթա՜լ
առուի՛ն
պէս՝
մարգերու
տակ
անտես.
Կապոյտին
մէջ՝
հե՜զ,
հողմնավար
ամպին
պէս…։
Երթա՜լ՝
առա՛նց
գիտնալու
թէ
դէպի
ո՞ւր,
Երթա՜լ՝
հեռո՛ւ
ոստաններէն
այս
տխուր.
Երթալ՝
խաւար
գիշերին
մէջ
թաքթաքուր…։
Երթա՜լ,
երթա՜լ,
երթա՜լ,
առանց
ճրագի.
Երթա՜լ՝
առա՛նց
սուգի,
լացի ,
փափաքի.
Երթա՜լ՝
առա՛նց
սովի,
առա՛նց
պապակի…։
Երթա՜լ՝
մարդոց
կոյտին
մէջէն
լռելեայն.
Օտար
մընալ
իրենց
Ցաւին ,
Գիտութեան.
Երթա՜լ
տգէ՛տ,
խո՛ւլ,
յա՛մըր,
կո՛յր
յաւիտեան…։
Չը
գիտնա՛լ
որ
հոս
Իտէալը
չիկա՜յ…։
Ուխտագընա՜ց
երթալ
ափերն
հեռակայ,
Դէպի
ուղին
Երջանկութեան
մշտակայ…։
Աննիւթանա՜լ,
անրջանա՜լ,
վըսե՜մ ,
վէ՜ս.
Երթալ
անցա՜յգ,
անա՜յգ,
երթա՛լ
վերջապէս.
Աչքերը
գոց՝
ցայգաշրջիկ
խեղճին
պէս…։
Երթա՜լ,
երթա՜լ,
չը
ճանչնալ
Մա՛րդ
ու
Աստուա՛ծ,
Զո՜յգ
երթալ՝
ձեռքըդ
քո՜յր
ձեռքի
մէջ
դըրած
Անրջանքի՜ն
ու
Սիրոյն
պէս
—
աքսորուա՜ծ…։
Լօզան,
1912