Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԻՐՈՅ ԱՂԲԻՒՐ
       Ահա՜ կու գամ երջանկութեան ակերէն.
Արիւնըս դեռ երազօրէն կը հեւայ,
Ու արցունքներ արտեւանունքս կ’այրեն։
       Աղբի՜ւր, աղբի՜ւր, ինչ հըրճուանքով տենդագին
Երկարեցի թշուառ շրթնե՛րըս ակիդ ,
Ու ի՜նչ սիրով ըմպեցի ջո՛ւրըդ անգին։
       Ոհ , կ’ուզէի մընալ յաւէտ ակիդ քով ,
Նիհար ճակատս կռթնցընել քու քարիդ ,
Թաղուիլ ջուրիդ երջանկութեա՜ն պատանքով։
       Ու կ’ուզէի հալիլ կուրծքիդ մէջ անհետ ,
Լոյծ մարմնոյդ մէջ կաթի՜լ մ’ըլլալ, կէ՜տ մ’ըլլալ ,
Երգե՜լ, հեւա՜լ , քեզի նըման, քեզի հետ։
       Ի՜նչ մոգութիւն կար մարմինիդ մէջ համակ ,
Ի՜նչ կ’ըսէին ալիքներըդ վազելով ,
Ու ի՜նչ հըմայք կար փրփուրիդ մէջ ճերմակ։
       Շրթունքըս դե՜ռ քեզ կը փնտռեն տենդագին.
Ու հրատապ այտերէս վար մեղմօրէն
Դողդըղալով կը սահի ցօ՛ղը կեանքին…։
       Ահա կու գամ երջանկութեան ակերէն…։
       1908