ԱՅԴ
ԳԻՇԵՐԸ
Ո՜վ
մոռցնել
պիտի
տար
այդ
գիշերն
հիւանդոտ,
Զոր
հեռաւոր
կղզիի
մը
ափերուն
վրայ
թաղեցի.
Ահա՜
աչքիս
առջեւն
է,
կը
տեսնեմ
մո՛ւթը
տենդոտ ,
Ծովափը
լերկ
ու
ծերուկ
եղրեւանին
փողոցի։
Ու
ո՜վ
ըսաւ
այդ
կընոջ ,
որ
այդ
պահուն,
մինա՛կ,
հոտ ,
Իր
բեհեզին
մէջ
ճերմակ,
ձեռքերն
կուրծքին
խաչացի ,
Հեկեկալով
առջեւէս
տանէր
ստուերն
իր
կըթոտ,
Վայրա՛գօրէն
մելանուշ
ու
տրտմօրէն
կանացի…։
Անկէ
ի
վեր
որքա՜ն
խինդ,
որքա՜ն
ժըպիտ
ու
քրքիջ.
Սիրոյ,
կիրքի
ի՜նչ
յայրատ
պատարագներ
անպատում.
Ու
քանի՜
կին
իրենց
բիւր
հրաշքներո՜վը
մոգիչ։
Բայց
ան
հո՛ն
է,
կուրծքիս
տակ,
լացող
կի՛նը
անխնայ ,
Հեկեկալով
ան
յանկարծ
կ’անցնի
մութին
մէջ
տրտում.
Ու
մութն
հո՛ն
է,
կուրծքիս
տակ,
որ
կը
լայննա՜յ,
կը
լայննայ…։
Ո՜վ
մոռցնել
պիտի
տար
ինձ
այդ
գիշերն
հիւանդոտ…։
[1908]