ԼԷՄԱՆ
Հրանտ
Տ .
Նազարեանին
Ի՜նչ
անուշ
է
հանդարտիկ
հովն
իրիկուան ,
Մայրամուտքի
քաղցրի՛կ
շունչովը
լեցուն.
Ծաղիկները
կը
մթագնին,
կը
հեւան.
Կը
նըւաղի
թռչնիկին
երգը
ցնծուն.
Ի՜նչ
անուշ
է
հանդարտիկ
հովն
իրիկուան։
Երազներու
դիւթիչ
քողին
պէս
անուշ ,
Ու
սիրատարփ
նայուածքներու
պէս
մթին՝
Երեկոյեան
կ’իջնէ
ստուե՛րը
քնքոյշ ,
Մե՜ղմ
կը
հըպի
լեռան,
ջուրին ,
մարմանդին.
Երազներու
դիւթիչ
քողին
պէս
անուշ։
Բլուրէն
վար,
սէգ
ծառերու
շուքին
քով ,
Կը
ստուերոտի
չքնաղ
լիճը
Լէմանի.
Չնաշխարհիկ
պչրուհիի
նազանքով
Ափին
աւա՛զը
կը
գգուէ,
կը
շիկնի ,
Բլուրէն
վար,
սէգ
ծառերու
շուքին
քով։
Ու
կը
լայննա՜յ
լիճը,
շըքե՜ղ,
աննըմա՜ն ,
Մինչեւ
փէշը
Ալպեաններուն
սատափէ ,
Մինչեւ
Ռօնի
լայն
դաշտերը
ուր
Լէման
Իր
կապուտակ
ալեակները
կը
թափէ։
Ու
կը
լայննա՜յ
լիճը
շըքե՜ղ ,
աննըմա՜ն…։
Մութը
քիչ֊քիչ
կը
թանձրանայ
սխրալի՜։
Լիճին
ամէն
ափունքներէն
հեռաւոր
Փոքրիկ
լոյսեր
կը
պլպլան.
կը
փայլի
Սէգ
լեռներու
ձիւնէ
ճակատը
աղուոր.
Մութը
քիչ֊քիչ
կը
թանձրանայ
սխրալի՜։
Հեւքով
ուռած
կուրծքին
վրայ
ջուրերուն
Ահա
կ’անցնի՜ն
թեթե՜ւ
նաւերը
մութին.
Ահա
դողդոջ
տարփոտ
երգերն
ալ
հեռուն
Սիրատոջոր
շրթունքներէ
կը
փրթին
Հեւքով
ուռած
կուրծքին
վրայ
ջուրերուն։
Լէմա՜ն,
Լէմա՜ն,
պատմէ՛
ինձ
սէ՛րըդ
լռիկ ,
Անհո՜ւն
սէրըդ,
որ
քու
ջուրե՛րըդ
կապոյտ
Կ’ուռեցնէ
ալեակներով
հանդարտիկ ,
Եւ
որ
սարսուռ
կու
տայ
քու
ջինջ
հայելւոյդ.
Լէմա՜ն,
Լէմա՜ն
պատմէ՛
ինձ
սէրըդ
լըռիկ։
Ահա
ջուրե՛րըդ
կը
դողան
տենդահար…։
Ըսէ՛,
կուրծքիդ
մէջէն
ցըցուող
գեղեցիկ
Ալպեաններուդ
դու
ձիւնի՞ն
ես
սիրահար ,
Կարապներուդ
արդեօք
վիզի՞ն
սլացիկ…։
Ահա
ջուրերըդ
կը
դողան
տենդահար։
Խօսէ՜
Լէման,
ձա՜յն
տուր
ջուրիդ
ալքերէն։
Նաւերէն
թռող
սիրոյ
երգե՜րն
են
հրավառ
Որ
իմ
սրտիս
պէս
քու
սիրտդ
ալ
կը
գերեն։
Ա՜հ,
վէ՜րք
մ’ունիս
կապոյտ
կուրծքիդ
տակ
թշուա՜ռ.
Խօսէ՛
Լէման,
ձա՜յն
տուր
ջուրիդ
ալքերէն։
Լէմա՜ն,
Լէմա՜ն
պատմէ՛
ինձ
սէ՛րըդ
լռիկ…։
1907