ԳԻՆՈՎ
ՍԷՐ
Եաննի
Ապէլին
Դուն
Հրա՜շքն
ես,
դուն
Երա՜զն
ես,
դուն
Սէ՛րն
ես.
Տարաշխարհի
չքնաղ
ծաղի՜կն
ես
աղուոր.
Միսթիքական
խնկումներով
թունաւոր
Դուն
մըսեղէն
խենթեցընող
տաճարն
ես.
Դուն
Հրա՜շքն
ես,
դուն
Երա՜զն
ես,
դուն
Սէ՛րն
ես։
***
Սեւ
մազերովըդ
սիրէ՛
զիս,
գգուէ՛
զիս ,
Անոնց
խորհուրդը
պատմէ
ինձ
առանձին ,
Որովհետեւ
անոնք
հոգիս
կապեցին ,
Իրենց
ցանցին
մէջ
կապտեցի՜ն
իմ
հոգիս.
Սեւ
մազերովըդ
սիրէ՜
զիս,
գգուէ՛
զիս։
***
Թաց
աչքերդ
վըրա՛ս
յառէ
տրտմապէս ,
Անոնց
թո՛յնը
ներարկէ
ինձ
մեղմօրէն ,
Որովհետեւ
քու
աչքերըդ
աղուոր
են ,
Խորհրդամո՜լ
անտառներու
շուքին
պէս ,
Թաց
աչքերդ
վրաս
յառէ՛
տրտմապէս։
***
Տըղու
մը
պէս
հանգչեցո՜ւր
զիս
կուրծքիդ
վըրայ ,
Հանգչեցո՜ւր
զիս՝
ու
այտերս
կըրակէ՛
Քու
ձիւնեղէ՜ն
բազուկներուդ
մէջ
գրկէ ,
Ու
թող
մարմինդ
մարմնիս
վրայ
սարսըռայ
Տըղու
մը
պէս
հանգչեցուր
զիս
կուրծքիդ
վրայ։
***
Ահա
շրթնե՜րըս
կարօտովըդ
կ’այրին ,
Ու
կը
լայննայ
արտասուքի
շիթ
մը
տաք
Իմ
մթաստուեր
թարթիչներուս
շուքին
տակ.
Անոնց
վրայ
դուն
ցօ՛ղը
դիր
համբոյրին ,
Ահա
շրթներըս
կարօտովըդ
կ’այրին։
***
Բազուկներդ
կը
գալարուի՜ն,
կը
դառնա՜ն ,
Տենչին
կըրա՛կը
նայուածքըդ
կը
թովէ ,
Որովհետեւ
քու
մո՜ւթ
հոգին
գինով
է ,
Սիրախտաւո՜ր
գիշերներուն
պէս
գարնան…
Բազուկները՜դ
կը
գալարուին,
կը
դառնան։
***
Ժա՜մն
է,
աղուո՛ր,
երանութեան
ժամն
է
աս.
Շրթներուս
վրայ
դիր
շրթունքնե՛րըդ
բոցէ ,
Մոռցի՛ր
կեանքը,
աղուոր
աչքե՜րդ
ա՛լ
գոցէ…
Ի՞նչ,
կ’արտասուե՞ս,
ու
յուզումէդ
կը
դողա՞ս.
Ժամն
է,
աղուո՛ր,
երանութեան
ժամն
է
աս…։
[1907]