ՀԱՄԲՈՅՐԸ
«Հոգի՞ս,
դո՞ւն,
հո՞ս…»
հեկեկաց
ձա՛յնը
լալէն։
Գիշերն
ուշ
էր,
գաղջ
գիշեր
էր
Ապրիլի .
Իր
գրկին
մէջ
լուսնակն
առած
սխրալի՝
Թուփերն
ի
վար
ջուրը
կ’երթար
հեւալէն։
«Հոգի՞ս,
դո՞ւն,
հո՞ս…»։
Ու
տեսայ
որ
ոչ
հեռո՜ւ ,
Գետափին
մօտ,
յանկարծաթա՛փ,
ո՛ւժգնովին ,
Հովերու
պէս
որոնք
իրա՛ր
կը
ձուլուին ,
Երկու
ստուեր
կը
նետուէին
իրարու…։
Տարօրինակ
ի՜նչ
ունէր
օդն
այդ
գիշեր
Որ
դեռ
կուրծքիս
տակ
հետքն
ունիմ
սարսուռի ,
Ու
բիբերուս
մէջ
խոնաւ
կէ՛տ
մը
կ’ուռի…
Ես
այդ
գիշերն
առանց
յոյզի
չեմ
յիշեր։
Ու
կը
տեսնեմ,
աչքիս
առջեւն
են ,
ահա՝
Իրար
ձուլուած,
անքակտելի՜,
տենդագի՜ն ,
Բերան
բերնի,
հուժկու
բազո՛ւկը
մէջքին ,
Ու
մազերու
ծովը
որ
լա՜յն
կը
դողայ…։
Օ՜,
երջանիկ
տարիք
ուր
մարդ
կրնայ
գէթ
Տաք
համբոյրի
մը
անհունին
մէջ
մոռնալ
Գոյութի՛ւնն
ալ,
տիեզե՛րքն
ալ,
ինքզի՛նքն
ալ ,
Ու
աշխարհքին
ժպտիլ
անփո՜յթ
ու
անգէտ։
Օ՜ր
մը
սիրոյ
ծաղիկները
կը
դեղնին ,
—Ե՞րբ
անբաժան
եղան
փուշերը
վարդէն,
—
Պէ՛տք
է
տքնիլ,
ցաւը
ըմպե՛լ.
ու
արդէն
Քիչ
յետոյ
ժա՛մն
է
խորհելու
սեւ
հողին…։
«Հոգի՞ս,
դո՞ւն,
հո՞ս…»
երկա՜ր ,
երկա՜ր
քարացան
Այդ
դիրքին
մէջ,
բերան
բերնի ,
անձնուէ՜ր.
Իրենց
շունչերն
կարծես
իրա՜ր
յանձնուէր ,
Ա՛յնքան
սէր
կար
այդ
պաշտումին
մէջ
անձայն։
Ու
ես
լըռիկ,
ու
ես
անշարժ,
երկիւղա՜ծ ,
Կը
նայէի
իրենց
երկա՜ր,
ու
վաղուա՜ն
Կը
խորհէի,
յաջո՜րդ
վաղուան,
ու
մահուա՜ն…
Երբ
զգացի
որ
էութի՛նըս
դողաց։
[1908]