ԲՈ՜ՅՐԸ
Կը
բարձրանայ
բո՜յր
մը
աղուոր,
Գաղջ
բոյրը
կո՜յս
մարմինիդ.
Բո՜յրը
խունկի
պէս
միամիտ
Ու
մեղքի
պէս՝
մեղաւոր…։
Ուսկէ՞
կու
գայ
բոյրը
մարմնիդ
Բի՜ւր
տենչերով
բեղմնաւոր ,
Դաւադրութեա՜ն
պէս
ահաւոր ,
Աղօթքի
պէս՝
միամի՜տ…։
Կը
բարձրանայ
բո՜յր
մը
աղուոր
Գինովցընող
ու
բարի.
Միսթիք
ա՜մպ
մ’է,
որ
կը
փարի
Քեզ՝
քաղցրօրէ՜ն
մեղաւոր…։
Գիտե՜մ,
կը
զգա՛մ,
բոյրըդ
գինով՝
Ծա՜լ֊ծա՜լ
ցրուած
ծամերէն ,
Մատիդ
ծիրա՜ն,
ծի՜ւր
ծայրերէն
Կը
ծորի
բո՜յրըդ
գինով
Բայց
ուսկէ՞ց
է
բոյրըդ
ահեղ.
Սեւ
աչէ՞դ՝
սե՛ւ
վարդի
պէս ,
Սեւ
թարթիչէ՞դ՝
սե՛ւ
կարթի
պէս ,
Մութ
յօնքերուդ
տակ
աղեղ…։
Ուսկէ՞
կու
գայ
բոյրըդ
բարի
Որ
կը
բուրէ
մարմինէդ.
Կարմիր,
դողդոջ,
նուրբ
շրթունքէ՞դ
Որ
համբոյրին
կ’երկարի…։
Ուսկէ՞ց
է
բոյրդ
ալ
մեղաւոր ,
Լա՜յն
վարդի
պէս
կուրծքէ՞դ
բաց ,
Ուր
կը
կարմրի
հետքը
դեռ
թա՜ց
Համբոյրի
մը
բեղմնաւոր…։
Չա՜ր
ու
բարի,
գինո՜վ
ու
կոյս ,
Կը
շնչե՜մ
այդ
բոյրըդ
խա՛ռն.
Մի՛
զըլանար
համբոյրըդ
դա՛ռն
Սիրակարօ՜տ
իմ
հոգւոյս…։
Կեցի՛ր,
կեցի՛ր,
ա՛խ,
ո՞ւր
կ’երթաս ,
Շրթներըս
քե՛զ
կը
հեւան.
Ըսէ՛,
Սիրո՞յ,
Մեղքի՞ ,
Մահուա՞ն
Ինձ
հըրաւէր
կը
կարդաս…։
Կը
բարձրանայ
բոյր
մը
աղուոր
Իմ
հո՛գւոյս
մէջ .
բա՜ց
ինձ ,
բա՜ց
Կարմիր
շրթներդ՝
վարդի
պէս
թաց
Ու
մեղքի՛
պէս
մեղաւոր…։
Լօզան,
[1912]