ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Պատասխանը
դեռ
չը
գրեց
թղթիկիս ,
Ուր
տրտմութեան
նոպայի
մը
մէջ
գինով՝
Դըրի
ամբո՛ղջ
իմ
սէրս,
ամբո՛ղջ
իմ
Հոգիս ,
Ու
ղրկեցի
վարանումո՜վ ,
յուզումո՜վ։
Ըսի
իրեն
թէ
սիրտս
իրմո՛վ
է
առլի,
Ու
գիշերներս
իր
երազով
օրօրուն,
Թէ
կարօտի
վայրկեաններուս
դառնալի՝
Ես
կը
սպասեմ՝
վերադարձի՜
օրերուն։
Ըսի
իրեն
թէ
յուշքերըս
կը
թռչին ,
Կը
թեւածին
իր
պաշտելի
դէմքին
քով ,
Թէ
բաժանման
տրտում
վայրկեանը
վերջին՝
Աչերըս
դե՜ռ
կը
պղտորէ
արցունքով։
Ըսի
թէ
ես
գինո՜վն
եմ
իր
նայուածքին,
Թէ
կախարդող
իր
աչերուն
մէջ
ծաւի՝
Յաւէտ
սուզի՜լ
կ’ուզէի
ես
տրտմագին,
Շրթունքներըս
իր
համբոյրի՜ն
ծարաւի…։
Ու
ըսի
դեռ
ինչ
որ
ունէի
ախտաւոր՝
Ստուերամոլ
բանաստեղծի
իմ
հոգիս ,
Պաշտամունքնե՜րս,
արտասուքնե՜րըս
բոլոր…։
—Պատասխանը
դեռ
չը
գըրեց
թղթիկիս։
Կը
կարծէ՜ի
թէ
յուզումէն
պիտի
լա՜ր
Ու
նամակըս
պիտի
տանէր
շրթունքին,
Կը
կարծէի՜.
—
այնքա՛ն
գորով
ու
սէր
կար
Իր
հրաժեշտի
համբոյրին
մէջ
տենդագին։
Թերեւս
հեգնեց
իմ
հառաչնե՛րըս
երկչոտ ,
Որոնց
ամբո՛ղջ
հոգիս
յանձնել
կարծեցի.
Բառերուս
վրայ
թերեւս
խնդա՛ց
ան
պչրոտ
Իր
նենգամիտ
ժըպիտովը
կանացի…։
Ու
մտածե՜լ
թէ
շատ
չանցաւ
այն
օրէն
Ուր
պաշտումիս
առարկայ,
դեռ
ան
քովս
էր,
Երբ
աչերը
կէս
մը
փակած,
մեղմօրէն,
Երջանկութեան
քաղցր
երազներ
կը
հիւսէր։
Ու
մըտածե՜լ
բաժանումի
իր
յետին ,
Աւա՜ղ,
յետի՜ն
համբոյրին
վրայ
սիրակէզ ,
Երբ
անկարող
իշխելու
ի՛նք
իր
սրտին՝
Գլուխը
կուրծքիս՝
կը
հեծկլտա՜ր
տըղու
պէս…։
Ո՜վ
կընոջ
սիրտ,
պաշտամունքով,
արցունքով
Ու
կեղծիքով
հրաշակերտուած
սի՜րտ
աղուոր,
Ուր
կարկաչող
սիրոյ
չքնա՜ղ
ակին
քով՝
Մոռացութեան
անդո՛ւնդը
կայ
ահաւոր…։
[1908]