ՍԷՐԸ
Քընարիս
եօ՛թն
աղիքներէն
կանացի
Եօթը
որբուկ
հառաչանքներ
հանեցի.
Եւ
մի՛շտ
ժպտիլ
կը
կարծէի,
մի՛շտ
լացի…։
Սէրն
հեթանոս
Երջանկութի՛ւնն
է,
խաչուա՜ծ ,
Սէրն
ա՛յն
կուռքն
է,
որուն
առջեւ
ծնրադրած
Որբի՜
մը
պէս
պիտի
ողբար
Ի՛նքն
Աստուած…։
Սէրը
ճերմակ
անհունին
մէջ
կոյր
ա՛չն
է.
Սէրը՝
սիրոյ
ովսաննան
չէ՛,
իր
խա՛չն
է,
Իր
ցաւերուն
ընդդիմացող
ո՞ր
քաջն
է…։
Սէրը
սէր
չէ,
մահը
մահ
չէ,
սէ՛րն
է
մահ,
Սէրն
անդունդին
մէջ
ընկլուզումն
է
անվա՜խ,
Սէրն
աչքը
գոց
ցայգաշրջի՛կն
է
անահ…։
Երջանկութեան
սեղանին
վրայ
խրախճան՝
Բեհեզ,
կարմիր
ծածկոյթին
տակ
պատմուճան՝
Սէրը
կըմա՛խք
կոչնականն
է
դաւաճան…։
Սիրե՜լ,
սիրուի՜լ ,
—
ոսկեղնիկ
սո՛ւտ
աղուոր
Սիրե՜լ
առանց
սիրուելու ,
—
սո՜ւգ
ահաւոր ,
Սակայն
աւա՜ղ
անսէ՜ր
կեանքին ,
—
կեա՞նք
է
որ…։
Կը
տեսնե՞ս
սա
վիհին
վըրայ
Սէր֊ակը.
Հազարնե՛ր
կուլ
է
տուեր
այդ
սե՛ւ
ակը ,
Իր
ջուրէն
օր
մը
խենթեցաւ
Սեւակը։
Լօզան