ՄԱՀԱԶԳԱՑՈՒՄ
Այսպէ՜ս,
այսպէ՜ս…
Անուշ,
անուշ
սիրական
Մօտեցուր
մանըր
մատներըդ
մանկական
Տաք
կոպերո՜ւս,
տաք
կոպերո՜ւս
դժոխքին ,
Զգո՜յշ,
զգո՜յշ,
ա՜խ
չըլլայ
որ
բորբոքին։
Կուրծքի՛ս
հակէ
փոքրիկ
գլուխդ
յաղթական ,
Լսէ՛,
դեռ
հոն
հռնդիւններ,
ողբեր
կա՞ն ,
Լսէ՛,
անուշդ
իմ
սիրական։
Ո՜հ ,
անգին
Արբանք
մ’է
այս
որ
կը
խնկէ
իմ
հոգին։
Մեռնի՜լ,
մեռնի՜լ…
Անմահանալ
մահուան
մէջ .
Մեռնի՜լ…
Գրկիդ
գոգն,
ա՜յսպէս
մեր
սէրն
անշէջ՝
Անհունին
մէջ
ծառացընել
տիրական…։
Մեռնի՜լ…
Կու
լա՞ս…
Կը
խորհէի
սիրակա՜ն ,
Թեւերուդ
մէջ
քարանալու
հաճոյքին ,
Քո՜յր,
մահանո՜յշ
քոյր,
մահազօր ,
մահագին…։
Լօզան,
14
Դեկտ.
1908