ԵՐԷԿ
ԳԻՇԵՐ
Օր.
Léna
De
Cosmisին
Լսեցի՞ր
դուն
երէկ
գիշեր
պատուհանէդ ,
Երբ
սէրերուս
գիշերամոլ
դեւերուն
հետ ,
Ու
սուգերուս
հսկաներուն
հետ
խօլապար ,
Մայթի՛ն
վըրայ,
ձիւնի՛ն
վըրայ,
երբ
խօլաբար ,
Երբ
հեզնաբա՛ր
կը
վազէի
ու
կու
լայի ,
Երէկ
գիշեր,
սառ
մայթերուն
վրայ
ամայի
Հեծքը
քայլիս՝
քու
երգերուդ
մէջ
զուարթուն՝
Լսեցի՞ր
դուն…։
Ու
դիտեցի՞ր
երէկ
գիշեր
վարագոյրէդ ,
Երբ
տանջուո՛ղ,
չի
հասկցուած
քամիին
հետ ,
Ու
խաւարին
ոգիներուն
ալ
հետ
բոլոր ,
Տառապանքիս
ճամբաներէն
քայլամոլոր ,
Երէկ
գիշեր
մութ
պատուէրիդ
երբոր
հըլու՝
Կը
տանէի
հեռաւոր
փո՛ս
մը
թաղելու
Սրտիս
զազի՜ր
դիակը
դե՜ռ
տա՛ք,
տրոփո՛ւն ,
Դիտեցի՞ր
դուն…։
Ու
լացի՞ր
դուն
պատուհանիդ
քով
ինքնիրեն ,
Երբ
տրտմօրէ՛ն,
ու
հեգնօրէ՛ն,
վայրագօրէ՛ն ,
Իջնող
ձիւնին
ու
ուռոյցքին
մէջ
քամիին՝
Թափառայած
քայլերս
ոճիրն
կը
քաւէին
Օ՜ր
մը
ճամբուս
վրայ
հանդիպա՜ծ
ըլլալու
քեզ…։
Օ՜,
դուն
որ
մո՜ւթ
կը
ծնանիս
ու
թո՛յն
կ’երկնես ,
Երէկ
գիշեր
վարագոյրիդ
ետին
արթուն ,
Չի
լացի՞ր
դուն…։
17
Յուլիս
1908
Լօզան