ԶՂՋՈՒՄ
Երէկ
գիշեր
հեշտանքի
պատարագէ
մը
վերջ
յոյլ
Կը
դիտէի
յափրացած
սրունքներուդ
գիծը
թոյլ ,
Կը
դիտէի
սեղանիդ
իրերն
ամէն
ցիրուցան ,
Ժանեակ,
սրուակ
ու
մեռած
մազի
խուրձեր
ալ
դեղձան։
Սենեակը
ցուրտ
էր
ու
մութ,
դուրսը
հովն
էր
տրտմնասոյլ .
Նուիրումէս
յոգնաբեկ՝
երազանքի
մը
մէջ
ծոյլ՝
Զգացի
որ
տրտմօրէն
մտածումնե՛րըս
անձայն
Պահ
մը
ձիւնէ
անդրիիդ
ողորկ
ձեւէն
հեռացան։
Կը
խորհէի
թէ
ինչ
որ
մենք
Անմահ
Սէր
կ’անուանենք ,
Մութ
կիրքերու
յագեցման
պարզ
նախաբա՛նը
չէ՞ր
նենգ.
Ու
զարդերէն
մերկացուած
Կինը
անարգ
Էգը
չէ՞ր…։
Այսօր
դարձեալ
տեսայ
քեզ
ու
հակեցի
իմ
աչքեր ,
Ա՜յնքան
վսեմ
էիր
դուն
աստուածութեանդ
մէջ
շըքեղ ,
Ու
ա՛յնքան
վատ
էի
ես
խորհուրդներուս
մէջ
տըգեղ,
Երէկ
գիշեր
հաճոյքի
պատարագէ
մը
վերջ
յոյլ…։
[1908]