ԳԻՇԵՐԻՆ
ՄԷՋ
Հայկ
եղբօրս
յիշատակին
Կը
լայննայ
երկինքը
անծա՜յր
ու
ջի՜նջ,
Գիւղին
վրայ
քիչ֊քիչ
մութը
կը
կոխէ,
Ամէն
բան
իրեն
գոյնը
կը
փոխէ,
Հանդա՜րտ
ամէն
կողմ,
մո՜ւթ
է
ամէն
ինչ։
Վարդն
իր
աչքերը
կը
գոցէ
մութին.
Ծառերն
են
կեցեր
լո՜ւռ ,
բազկատարա՜ծ.
Նոճին
իր
գլուխն
է
վեր
կարկառած.
Լոյսեր
կ’արիւնին
ծառերէն
անդին։
Ահա
կը
քնանայ
բնութիւնն
համակ.
Կեանքը
դադրեցաւ.
թռչուն
մը
մինակ ,
Միս
մինակ
—
ինչո՞ւ
—
կ’երգէ
տրտմունակ։
Գիշերային
այս
լռութեան
մէջ
խորին ,
Իր
սիրտբուխ
երգերն
սրտէն
կը
թռին ,
Ու
մինակ֊մինա՜կ
ես
կու
լամ
լռին…։
1914