Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԽԱՊՐԻԿ
       Հովերն ի՜նչ ըսին քեզի, ո՜վ ճամբորդ
Որ հեռուէ՜ն կու գաս, հեռուէ՜ն արփաւէտ,
Ա՛յն հեռուէն կու գաս, ուր աչքերէս յո՜րդ
Արցունք է ինկեր սրտիս արեան հետ…։
       Հովերն ինչ խապրիկ, հողերն ի՜նչ եղեռն
Պատմեցին քեզի, ո՜վ ճամբորդ ընկեր ,
Այն հովերն հեռուի, այն հեռուի տեղերն
Ուր ամէն քայլիս արցունք մ’է ինկեր…։
       Հողերն ի՜նչ ըսին, հովերն ի՜նչ ըսին.
Անո՛նք կը ճանչնան միայն իմ հոգիս ,
Այդ սուրբ տեղերուն վրայ, լուսնակ լոյսին ,
Արցունք մ’է ինկեր իմ ամէն քայլիս…։
       Այն մեծ գորշ թռչունն որ համակրօրէն
Կը դադրեցընէր ողբիս՝ իր երգեր ,
Հոն չէ՛, գաղթա՜ծ է անշուշտ ա՛յն երկրէն
Ուր ամէն քայլիս արցունք մ’է ինկեր…։
       Ու առուակն ալ որ հո՛ն կը խոխոջէ ,
Իմ առուակըս չէ՛, այն երգը չերգեր ,
Ան ծո՜վ թափեցաւ, այն նո՜յն ջուրը չէ՛
Ուր ջուրերու պէս արցունքս է ինկեր…։
       Խամրա՜ծ են անշուշտ սէզերն ալ դալար
Ուր կը խեղդէի ողբերս կերկեր ,
Նոր ծլած մարգերն ինձ չե՛ն, չե՛ն ճանչնար
Որ տեղին վրայ ո՞ր արցունքս է ինկեր…։
       Բայց հո՞ղն ինչ ըսաւ, այն որ մայրօրէ՜ն
Աչքիս ցօղին հետ ծծեց իմ հոգին ,
Ան զիս կը ճանչնա՜ր, ծաղիկ մը նիհար
Չըսա՞ւ թէ ինք ծի՛լն է իմ արցունքին…։
       Ու հո՞վն ինչ ըսաւ. ա՛ն զիս կը թովէր
Լո՜ւռ խապրիկներով ամէն իրիկուն .
Ինձ սիրականիս սիրտը կը գովէր ,
Կը չորցընէր թա՜ց աչերըս անքուն…։
       Չա՜ր հովիկ, սրտիս միա՜կ լրաբեր ,
Գիտնալո՞վ, գութով կը խաբէիր զիս։
Գնա՛ ըսել իրեն թէ հեռո՜ւ ափեր
Կը փախչի՜մ իրմէ՝ ճամբէն արցունքիս…։
       …Հովերն ի՜նչ ըսին քեզի, ո՛վ ճամբորդ
Որ հեռուէ՜ն կու գաս, հեռուէ՜ն սըգաւէտ.
Ա՛յն հեռուէն կու գաս՝ ուր աչքերէս յո՜րդ
Արցունք է ինկեր, սրտիս արեան հետ…։
       Լօզան, [1912]