Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀՈԳԻՍ
       Հիւա՜նդ տերեւ մը տեսայ կանաչին մէջ դաշտերուն։
Ի՜նչ աղուոր էր գարունը, փափուկ հովէն օրօրուն,
Սիրուն խոտերը դաշտին, ծաղիկներն ալ բիւր գոյնով ,
Կը խնդայի՜ն լռելեայն գաղջ արեւին տակ գինով։
       Բայց գարնային, կենսաւէ՜տ այդ պահին մէջ օրօրուն ,
Հիւանդ տերե՜ւ մը տեսայ, կանաչին մէջ դաշտերուն ,
Չորցած տերե՜ւ մը նիհար, որ զեփիւռին հըպումով ,
Մեռելամերձ կը դողար՝ մարգերուն մէջ ակնաթով։
       Սիրտս անհո՜ւն ցաւով լի, ես ծռեցայ սըգահար ,
Մատներուս մէջ առի զայն, ու իր մարմինը նիհար ,
Գուրգուրանքո՜վ, արցունքով մօտեցուցի շըրթունքիս։
       Անժամանա՜կ թարշամած գարնան տերեւ մ’է հոգիս.
Ծաղիկներուն մէջ կեանքին, զեփիւռին տակ մայիսի ,
Ա՛լ ժըպտալու անկարող, ան կը դողա՛յ, կը մըսի՜…։
       Հիւանդ տերե՜ւ մը տեսայ կանաչին մէջ դաշտերուն…։
       1907