ԻՆՉՈ՞Ւ
Ինչո՞ւ,
ինչո՞ւ
զիս
սիրեցիր,
Փոքրի՛կ
աղջիկ,
քեզի
մե՜ղք
էր.
Փոքրիկ
ծոցիդ
թիթե՜ռ
պէտք
էր,
Դուն
ծե՜ր
արծիւ
մը
բանտեցիր…։
Կապոյտ
աչուիդ
երբոր
բացիր ,
Կապո՜յտ
աղջիկ՝
պլպուլն
երգէ՜ր.
Քե՛զ
ալ
սիրոյ
մրմունջ
պէտք
էր ,
Դուն
գուժկան
մռո՛ւնչս
ընտրեցիր…։
Ես
կ’երթամ
մի՜շտ,
անծայրածի՜ր ,
Դամբաններ
են
ոտքիս
հետքե՜ր.
Քեզ
սիրոյ
մեղմ
սի՜ւք
մը
պէտք
էր ,
Դուն
փոթորկի՜ն
կուրծքըդ
բացիր…։
Կ’այրի՜ն
աչերըդ
սեւածիր ,
Պիտի
մեռնիս,
այդպէս
մ’երգե՛ր .
Քեզի
փոքրիկ
սէր
մը
պէտք
էր ,
Դուն
Սէ՛ր֊Աստուածը
սիրեցիր…։
[1911]