143.
ԳԱՌՆԻԿ
ԳԸԼՃԵԱՆԻՆ
27
յուլիս
[9
օգոստոս],
1909,
[Կ.
Պոլիս]
Սիրելի
Գառնիկ,
Յուսամ,
թէ
քարտս
քեզ
Աղեքսանդրիա
պիտի
գտնէ։
Ես
ապահով
հասայ.
բայց
ոչ
մէկ
յոյսերս
իրականացան,
քանզի
[1
անընթ.
]
սկսած
եմ
բեռ
ըլլալ։
Գառնիկ,
եթէ
ապահով
հասած
ես
տեղդ,
փութացուր,
արդէն
իմ
գրելս
աւելորդ
է,
երբ
գիտեմ
նկարագիրդ,
որ
հակառակն
է
Զամարի
նկարագրին։
Նաւը
մէկ-երկու
հոգի
եկած
էին։
Յաջող
պահու
մը
կը
սպասեմ՝
գրագէտները
այցելելու
համար,
վասնզի
երկու
օր
է
տկարութիւն
մը
կայ
վրաս
եւ
ստիպուած
եմ
տանը
(խրճիթը
որ
է
ըսել)
մնալ,
կարծեմ
օդի
փոփոխութիւնն
է,
որ
մէջս
ջերմին
[1
անընթ.
]
կը
պատրաստէ։
Ինչ
որ
է,
դեռ
քեզ
երկար
կը
գրեմ
այցելութիւններես
վերջ
եւ
կը
խօսիմ
մեր
գրագէտներուն
վրայ։
Նշանը
քեզ
կը
բարեւէ։
Հասցէս
Երանոսիին
է։
Գառնիկ
փութա՛…
Միշտ
սիրով՝
Դ.
Վարուժան