Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

162. ՍԱՐԳԻՍ ԵՐԷՑԵԱՆԻՆ

[10] 23 հոկտ., 1910, Սուազ

Ազնիւ պաշտօնակից

. Ս. Երէցեան),

Ձեր նամակն ու քերթուածները ընդունեցայ։ Մեծ հաճոյքով կարդացի երկուքն ալ։ Եռանդն ու երազը զուգընթաց կ՚ընթանան Ձեր լարերուն վրայ։ Ուրախ եմ, որ քերթուածներու քառամանեակ մը արդէն կազմած էք, բայց խորհուրդ մը (եթէ կը թոյլատրէք), տակաւին մի՛ հրատարակէք, բայց միշտ գրեցէք՝ մինչեւ որ Ձեր քնարը ըլլայ բոլորովին ինքնուրոյն ։ Մանաւանդ լաւ է կարդաք հելլէն եւ հռովմէական դասականները եւ յետոյ Եւրոպայի գրականութեան կոթողները, որոնք սատար պիտի ըլլան Ձեր մէջ թաքնուած ոսկուոյ հանքերը բանալուն, ուր յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ ադամանդներ եւս ըլլան։

Չմոռնամ շնորհակալութիւնս յայտնելու իմ կարծիքս հարցնելու Ձեր ըրած պատիւին համար։ Ընդունեցէք սիրալիր բարեւներս Ձեզ եւ Ձեր Մուսային։

Դանիէլ Վարուժան