Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

181. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

28 մարտ, 1913, Պոլիս

Վեր[ապատուելի] հայր Արիստ. վարդապետ Քասգանտիլեան,

Գերազնիւ Հայր,

Հին աշակերտ մըն է՝ Ձեր շունչով կազմուած, որ կը դիմէ Ձեր գրչին իր անմեռ հիացումով։ Պիտի հրատարակենք «Նաւասարդ» անունով զուտ գրական եւ գեղարուեստական տարեցոյց մը։ Ես խոստացայ իմ ընկերներուս Ձեզմէ պատառիկ մը խլելու։ Բացէ՛ք Ձեր ներշնչման դուռը Ձեր սանին, որ կը բախէ։

Եթէ կ՚ուզէք՝ ղրկեցէք գրական նամակ մը Ձեր այնքան ինքնատիպ գրիչով ընդելուզուած։ Դեռ երկու ամիսէն աւելի ժամանակ ունիք։ «Նաւասարդը» աշնան դէմ լոյս կը տեսնէ։

Ձեր սիրալիութեան յարգանքով
Ձերդ
Դ. Վարուժան