123.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ
[7-10
նոյեմբեր,
1908,
Կանտ]
Սիրելի
Հայր
(Գերապատիւ
Յովհ.
վարդ.
Թորոսեան),
Նամակնիդ
ընդունած
եմ.
բոլորովին
աւելորդ
տեղը
գրուած
էր
անոր
մէջ.
կամ
պէտք
էիք
մէկ
ամսուան
ապրուստ
ուղարկելու
յոյս
տալ
կամ
գրել.
որ
Վենետիկ
գամ
եւ
անկէ
մեկնիմ
Պոլիս.
ուրիշ
ոեւէ
ելք
չկայ։
Բայց
Դուք
կանոնի
անունով
կը
խօսիք.
«Ձեր
կամքին
հակառակն»
էր
միայն
մխիթարական
է
եւ
միմիայն
մխիթարական։
Ես
բնաւ
մտքէս
չէի
անցըներ,
որ
կանոնով
գլխուս
այս
խաղը
խաղցուէր,
գէթ
իմ
տեղս
եղող
ոեւէ
մէկը
այսպէս
պիտի
մտածէր։
Կը
գրէք.
«Ուսանողական
կեանքի
ամենէն
կնճռոտ
հարցն
է
դրամականը.
ատով
կը
տառապիք
Դուք
ալ,
մենք
ալ
»։
Ուր
էր
թէ
ես
միայն
տառապէի.
բայց
այդպէս
չէ,
այլ
օրը
օրին
ապրողի
մը
համար
անկարելի
է
ապրելը
նոյնիսկ
։
Իսկ
Դո՞ւք
—
այդ
մասին
ես
կը
խորհիմ,
թէ
տեսուչներէն
ո՛չ
ոք
այնքան
դրամ
չունենալուն
վրայ
ողբացած
է,
որքա՛ն
Հայր
Ստեփանը,
եւ
Հայր
Ստեփանն
էր,
որ
գրպանները
պարարտեցուցած
դուրս
ելաւ
վարժարանէն։
Այս
ըսելով՝
իր
յաջորդներուն
վրայ
կասկած
չէ,
որ
կը
սնուցանեմ,
loin
de
là
[1]
—
բայց
այս
կը
ստիպէ,
որ
այդ
տեսակ
լալոններու
առջեւ
ականջներս
խցեմ
եւ
շա՛տ
իրաւացի
կերպով։
Թող
թէ
նախընթաց
երկու
տարիներուն
վարժարանը
իր
ճգնաժամին
մէջ
գտնուած
պահուն
իսկ,
կանոնաւոր
կերպով
(եւ
հոս
է
միայն
ճշմարիտ
կանոնը
),
կանոնաւոր
կերպով
ամսաթոշակս
ուղարկած
է։
Եւ
հիմա՜
է,
որ
100
ֆրանք
կը
զլանայ։
Ամօ՛թ
է
ասիկա,
երբ
այդ
100
ֆրանքը
ինծի
համար
կենսական
է։
Կը
գրէք.
«Ուսանողաց
յանձնաժողով
մը
կայ,
որուն
կ՚իյնայ
որոշել
համալսարանական
ուսանողաց
պատկանող
ոեւէ՛
խնդիր,
—
կանոնադրութիւն
մը
կայ,
որ
կը
ճշդէ
ուսանողաց
տրուելիք
տարեթոշակին
քանակն
ու
ժամանակը»։
Ներեցէք
ըսել
նախ,
թէ
Ձեր
այս
տողերը
չհասկացայ,
ո՞ր
ուսանողաց
յանձնաժողովն
է
այդ,
Մուրատեա՞ն,
թէ
Ռափայելեա՞ն։
Գիտնալով,
որ
ասկէ
դեռ
երկու
ամիս
առաջ
Մուրատեան
ուսանողաց
յանձնաժողովը
Ռափայէլեան
ուսանողներու
ոեւէ
աղերսը
չէր
լսեր
եւ
զանոնք
կը
ղրկէր
ուղղակի
վարժարան
(ըստ
Հայր
Աթանասի
մէկ
նամակին
գրած
dans
la
qualité
de
secret
[2]
ուսանողաց
ժողովի).
ես
կ՚եզրակացնեմ,
որ
իբրեւ
Ռափայէլեան
ուսանող՝
իմ
ճակատագրիս
կախում
ունի
միայն
վարժարանէն։
Արդ,
վարժարանը
մինչեւ
ցարդ
ամբողջապէս
ղրկած
է
իմ
տարեթոշակս,
ուստի
Ձեր
հաստատող
բառերով
«սովորութիւն
մը
կայ
բաւական
տարիներէ
նուիրագործուած»,
ինչպէ՛ս
հիմա
առաթուր
կ՚ըլլայ
այդ
նուիրագործուած
սովորութիւնը,
երբ
նոյնիսկ
ատիկա
սովորութիւն
ըլլալէ
առաջ՝
իրաւունք
մըն
է
օրինաւոր
կերպով
ուսանողական
կեանքիս
պահանջներէն
բխած
։
Մինչեւ
հիմա,
թէ
Հայր
Արիստակէսի
եւ
թէ
Ձեր
տեսչութեան
ներքեւ
զեղծում
է՞ր
ուրեմն,
որ
կը
գործուէր,
եւ
հիմա՞
է,
որ
սկսան
այդ
յանձնաժողովը
կազմուիլ,
այդ
նոր
կանոնները
դրուիլ,
եւ
այսպէս
անգթօրէն
բռնցի
զարնել,
էրել
ուսանող
մը,
որ
մինչեւ
վերջ
իր
պարտքն
ըրած
է,
եւ
ուրիշ
բան
չէ
ուզածը,
բայց
եթէ
իր
ապրուստը,
իր
ապրուստին
գինը
ի
գլուխ
հանելու
համար
մտքին
եւ
սրտին
սկսած
դաստիարակութիւնը։
Թող
թէ
ուսանողաց
թոշակին
նկատմամբ
homogène
[3]
կանոն
մը
չէ
կարելի
դնել
։
Ըստ
բնակած
քաղաքին,
ըստ
համալսարանի
տուրքերուն,
ըստ
ուսանողին
ծնողաց
նիւթական
կարողութեան
այդ
թոշակը
փոփոխելի
պէտք
է
ըլլայ։
Այդ
մասին
հաստատուն
կանոն
մը
absurde
[4]
է,
հազար
անգամ
absurde։
Բայց
ի՛նչ
կը
նշանակէ
200
ֆր.
միայն
սահմանել
արձակուրդի
ամիսներուն։
Արձակուրդի
ամիսներուն
մի՞թէ
ուսանող
մը
նուազ
կ՚ուտէ,
նուազ
կը
շնչէ
դաշտերո՞ւ
մէջ
կը
պառկի։
Ծիծաղելի
է
այս,
եւ
ինծի
համար
«Վշտի
ծիծաղ
մ՚է»
այս։
Արդ,
համոզուա՞ծ
էք
մանրամասն
բացատրած
անել
կացութեանս
եւ
մտքերուս
վրայ,
եթէ
համոզուած
էք,
ինչո՞ւ
համար,
սիրելի
Հայր,
այդպէս
դիւրին
կերպով
ձեռքերնիդ
կը
լուաք,
մէջէն
կ՚ելլէք.
համոզուա՞ծ
էք
այդպիսի
կանոնի
մը
ապօրինութեանը,
եթէ
համոզուած
էք
ինչպէս
անոր
գործադիր
«իշխանութիւնը»
կը
ստանձնէք։
Չէ՞
որ
խիզախ
մէկը
կամ
իր
հովանիին
ներքեւ
պիտի
չթոյլատրէ
կանոնի
անունով
գործուած
այդպէս
անտեղութիւններ
եւ
կամ
գրիչը
կաղամարին
պիտի
դնէ
եւ
իր
պաշտօնիատեղիէն
դուրս
ելլէ։
Ներեցէք
—
այսպէս
համարձակ
կը
գրեմ,
վասնզի
ուրիշ
տեսակ
գրել
վարժուած
չեմ։
Ես
ոչ
յանձնաժողով
կը
ճանչնամ
եւ
ոչ
այդպէս
կանոն.
ինծի
ոչ
ոք
մինչեւ
հիմա
այդկերպ
մարմին
մը
կամ
անտեղի
օրէնք
մը
ճանչցուցած
է,
եւ
արդէն
ատոր
ալ
հարկ
չկար։
Ամէն
օրէնք
անոր
հպատակողին
պէտքին
եւ
հոգեբանութեան
համաձայն
կը
դրուի։
Ուստի,
ինծի
համար
այդ
օրէնքը
չեղածի
պէս
է։
Եւ
մինչեւ
ցարդ
ճանչցած
եմ
տեսուչ
մը
եւ
կը
ճանչնամ
տեսուչ
մը՝
մինչեւ
ընթացքիս
աւարտումը։
Բայց
այսօր
կը
լսեմ
ալ
յանձնաժողով
մը
եկեր
է
եղեր
իր
նոր
կանոնովը։
Յանձնաժողովը
ինծի
դեռ
չճանչցուցին,
հարկ
ալ
չկայ,
երբ
իր
կանոնը
իր
ապօրինութեան
մէջ
զինքը
կանխեց։
Կը
գրէք.
«Փափաքելով
միշտ
լսել
յաջողութիւննիդ».
եթէ
այս
ոճով
երթանք,
դժբախտաբար
այլեւս
պիտի
չլսէք
յաջողութիւններս։
Համալսարանի
դասերուն
չեմ
գրուած.
կը
նախընտրեմ
անօթի
չմեռնիլ,
քան
թէ
յաճախել
համալսարանը։
Եթէ
Ձեր
եւ
Ձեր
շուրջիններուն
դեռ
բարի
կամեցողութեան
եւ
ուղիղ
ու
արդար
դատողութեան
վրայ
համոզուած
չըլլայի,
համալսարանի
իբր
տուրք
ստացած
200
ֆրանքովս
ուղղակի
պիտի
գայի
Վենետիկ։
Թեւերս
ծալած
կսպասե՜մ։
Համալսարան
յաճախել
անկարելի
է։
Մտատանջութիւնը
կարգիլէ
ուրիշ
բանով
զբաղիլ։
Թերեւս
ծալած
կը
սպասե՜մ։
Յանձնաժողով
է,
դպրոցական
ժողով
է,
որու
որ
է՝
ըսէք,
որ
քիչ
մը
պատուաւոր
եւ
տրամաբանօրէն
շարժի.
իմ
տեղս
եղող
մէկը
ուրիշ
մտածում
մ՚ալ
պիտի
ունենար
—
չըլլա՞յ
որ
ոմն
ի
քահանայից
դեռ
թարմ
ոխի
մը
թոյն
տարածէ։
Այս
յանկարծական
հարուածը՝
որչափ
որ
պաշտօնական
կու
գայ
եւ
Ձեր
անբասրելի
ձեռքով,
բայց
կասկածիս
ներեցէք։
Ին՜չ
փոյթ,
չկայ
առիւծ
մը,
որուն
ոտքին
մէջ
գէթ
անգամ
մը
փուշ
մտած
չըլլայ։
Կ՚սպասեմ
բոլոր
ջղայնոտութեամբս։
Ձեր
վերջին
պատասխանը
ճակատագիրս
պիտի
որոշէ,
ո՛ւր
է
թէ
չգար
վերցնել՝
գոնէ
մինչ
ցարդ
գործելու
հանդարտութեանս,
զոր
դեռ
յոյսը
ինծի
կու
տայ։
Ընդունեցէք
յարգանքներս,
Ձեր
խոնարհ
Դ.
Վ.