Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

183. ԳԱՐԵԳԻՆ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻՆ

9 յուլիս, 1913, Պոլիս

Սիրելի բարեկամ պր. Գ. Լեւոնեան,

Շնորհակալութեամբ ստացայ «Գեղարուեստի» երկու թիւերը՝ միշտ սիրուն, միշտ կուռ ու ճաշակաւոր։ Յաջողութի՜ւն։

Ձեր քարտը կրկնապէս ուրախացուց զիս։ Ձեր մտադրած գրութիւնը «Նաւասարդին» համար երբեք ուշ չէ՝ եթէ այսուհետեւ չուշացնէք։ «Տարեգրքին» ամենէն յարմար եւ այժմէական կտորը ըլլալու սահմանուածը այդ նիւթը, զոր ընտրած էք։

«Ո՛վ Լալագէին» դէմ աղմկողներուն թիւէն աւելի հիացողները եղան՝ իբրեւ ձեւի եւ խորքի յաջող արտադրութիւն, այնպէս որ մինչեւ այսօր զղջացած չեմ գրած ըլլալուս վրայ։

Սիրունին փոխադարձ բարեւներ ունի եւ Ձեր գրչին ու գործին վրայ կը տածէ ամենախորունկ համակրութիւն եւ հիացում։

Սպասելով Ձեր գրութեան

Մնամ միշտ Ձերդ
Դ. Վարուժան