Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԿԱՐԱՊՆԵՐԸ
       Il est d’étranges soirs, les fleurs
ont une âme. (Albert Samain).
       Գիշեր է լուռ, հանդարտ գիշեր ամառուան ,
Մութը պատեր է երկինքը համօրէն.
Հեռուներէն քանի մը լոյսեր միայն
Իրենց ձիւնը վար կը կաթեն յուլօրէն։
       Ո՛չ մէկ շշուկ։ Լռութիւնը կը թրթռայ
Անծի՜ր, անծա՜յր լայնութեան մէջ օդերուն.
Ու բացխփուող աչքերու պէս, ափին վրայ ,
Քաղաքներու կը պլպլայ լոյսն հեռուն։
       Բարձրը, մութին ալքերուն մէջ , հեռակայ
Ժիւրաներու ստուերը լուռ կը մրափէ.
Աւելի՛ վեր, արհամարհոտ ու հսկայ ,
Ալպեաններու սէգ ճակատն է սատափէ։
       Զոյգ ալեփառ շղթաներու դարաւոր
Օրրանին մէջ ընկողմանած հոլանի՜ ,
Լեռներու վեհ հուրիներուն պէս աղուոր
Կը քընանայ կապոյտ հոգին Լէմանի։
       ***
       Գիշերն է լուռ, լիճը տրտում։ Հեռուէն ,
Ճաճանչներու, փրփուրներու պէս աղուոր ,
Քնացող ջուրին երեսին վրայ մեղմօրէն
Երկու կարապ կը սահին լուռ , մենաւոր։
       Իրենց մարմի՛նը քնքոյշ է, գեղեցիկ ,
Իրենց թեւերն արծաթակերտ , ձիւնագէս.
Ու մարմարի իրենց վիզը սլացիկ՝
Երազային տաճարներու սիւնին պէս։
       Կը մօտենան իրար մեղմովին ,
Ու կտուցնին իրար կու տան ուղղակի ,
Ա՛յնպէս՝ ինչպէս ո՛չ մէկ շրթունք տակաւին
Ա՛յնքան սիրով չէ՛ մօտեցած շրթունքի։
       ***
       Ու ձիւնափառ իրենց թեւերն կ’առնեն վեր ,
Կը գալարեն իրենց վիզը երկնասլաց ,
Ա՛յնպէս՝ ինչպէս երկու բազուկ անձնուէր
Այդքա՛ն սիրով իրարու չեն գալարած։
       Գիւղերուն լո՛յսը կը ցոլայ հեռուէ՜ն.
Վերը՝ շո՛ւքը ժիւրաներուն հեռակայ.
Աւելի՛ վեր Ալպեանները համօրէն.
Աւելի՛ վեր, Երկինք կանգներ է վըկայ…։
       Վա՛րը, քնացող ջուրին վրայ տրտմաբար ,
Վեհ պարտքի մը գիտակցութեա՛մբը լեցուած ,
Բերան բերնի, վիզը վիզին, անբարբա՜ռ,
Կարապները կը մնան լո՜ւռ քարացա՜ծ…։
       Յուլիս, 1907