Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

44. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

8 մայիս, 1906, Կանտ

Սիրելի մեծ Հայր,

Դրամը շնորհակալութեամբ իր ժամանակին ստացած եմ… Գրիգորէն ցաւով իմացայ, որ քիչ տկար էք, մինչեւ ցարդ ապաքինած ըլլալնուդ համար՝ ջերմ աղօթքներս։

Հոդ գալուս համար Դուք մտածեցէք եւ որոշեցէք ինչպէս որ կը կամիք. ես ոեւէ դժուարութիւն մը չունիմ, նախ որ դրամի մասին որչափ Ձեզ նեղութիւն քիչ պատճառեմ. այնքան ինձ եղածը նուազ ծանր կը կշռէ հոգուոյս։ Միայն այս պիտի ըսէի, թէ անշուշտ նախախնամած էք Ազոլոյի մէջ աշխատութեան ժամերը, բայց աւելի քնոյ անդորրութեան (անցեալ տարուան յիշատակովը կը գրեմ զայս. կը ժպտի՞ք կանխասացութեանս)։ Բայց ոչինչ. Ձեր խնամոց կը յանձնեմ ամէն ինչ եւ ես չեմ մտածեր ալ։

Յարգանքներս Վերապատուելի Հ[այր] Անդրէաս եւ Հ[այր] Արսէն վարդապետներուն։

Համբուրելով Ձեր սուրբ աջը եւ մաղթելով քաջողջութիւն

Կը մնամ Ձերդ
. Վարուժան]