Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

176. ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻՆ

27 ապրիլ, 1912, Եւդոկիա

Սիրելի բարեկամս

պր. Մերուժան Պարսամեան,

«Շանթը» ամէն անգամ ճոխ՝ կը ստանանք նոր հրճուանքով։ Կը մաղթեմ տեւականութիւն։ Քերթուածներուս համար Ձեր ցոյց տուած գուրգուրանքին շնորհակալ եմ։ «Սադուռնականին» յատկացուած պատուոյ տեղը՝ ցոյց կու տայ, թէ Ձեր մէջ կ՚ապրի հեթանոսի գեղեցիկ հոգին ու ճաշակը՝ թող թէ նոյնը կ՚ապացուցանեն Ձեր քանի մը ճախարակուած ու սրբատաշ քերթուածները, զոր ամէն անգամ հաճոյքով կը կարդանք։ Պր. Լութեր Կորկոտեանը երկու ոտանաւորներուս փոխարժէքը յանձնեց ինծի գանձած դրամէն բաժանորդներուն, որոնք կը յուսանք տեղւոյս մէջ դեռ կը շատնան։ Ա. Չօպանեանի մասին կը բաղձայի ես ալ բան մը գրել` այլ չեմ գիտեր, թէ ընդարձակ ուսումնասիրութի՞ւն է Ձեր փափաքածը։ Մնամ սիրալիր բարեւներով՝ Ձեր եղբայրակիցը

Դ. Վարուժան