Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ


Ծնած է Պօլիս 1860ին։ Հասքէօյի Շահնազարեան վարժարանի սան, իր ուսումը շարունակած է Կալաթայ Սէրայի Լիսէն։ Իբրեւ փաստաբան՝ վայելած է միջազգային համբաւ, ստանձնած գրէթէ բոլոր դատերէն յաղթական ելլելով դուրս։ Ունի նաեւ ճարտարագէտ-երկրաչափի վկայական։ Օժտուած թափացանց ու պայծառ իմացականութեամբ մը, չյոգնիր քակելու համար ամէնէն կնճռոտը հանգոյցներուն, եւ իր եզրակացութիւնները ըլլան դատարանը, հանրային բէմէն՝ բերնուց, կամ լրագրութեան մէջ՝ իր ստորագրութեանը տակ կը պահեն դրոշմը անստերիւր տրամաբանութեան։ Թրքահայ գրականութեան մէջ կարկառուն դէմք մը։ Իր գրիչը խոր հակում ունի իրապաշտութեան, եւ իր նորավէպերը վիպագրութեան այդ ճիւղին հոյակապ վարպետը կը շեշտեն իր մէջ։ Իբրեւ հրապարակագիր, տոգորուած է նկարագիրով մը որ չգիտեր ընկրկիլ եւ որ ծառանալով պայմանագրականութեան եւ ծթռած խորհուրդներու դէմ՝ նշդրակի անողոք հարուածներ կուտայ ընկերութեան փտախտին, եւ, նոր ու ինքնատիպ գաղափարներու ջատագով՝ ամենուրեք կը պատգամէ իր հզօր ձայնը որ պատկառազդու է միշտ։ Երիտասարդ հասակէն աշխատակցած է պօլսահայ թերթերու, եւ Հ. Ասատուրի հետ 1892էն 93 խմբագրած է «Մասիս»ը ծերունի այդ թերթին ամենափայլուն շրջանը։ 1887ին լոյս ընծայած է իր անդրանիկ վիպակը Անհետացած սերունդ մը, իսկ իր նորավէպերէն մեծ մասն ամփոփած է 3 հատորներու մէջ. Խղճմտանքի ձայներ, Կեանքը ինչպէս որ է, Լուռ ցաւեր։ Ուշագրաւ է Ծանօթ դէմքերու իր շարքն ալ՝ ուր կը պատկերացուին արեւմտահայ յայտին գրագէտներ (Արփիար, Եղիա, Քէչեան, Մրմրեան, Պէրպէրեան, Հ. Ասատուր, Վահան Վրդպտ. եւլն. Շահնազարի «Հայրենիք»ը թերթօնած է Նարդիկ անուն իր մէկ վէպը որ թերաւարտ մնաց սակայն։ Ազգային երեսփոխան ընտրուած է Սամաթիայէն Պօլսէն ալ մէպուս Օսմ. Բարլամէնթին՝ ուր Վարդգէսի պէս գոռաց շարունակ եւ ընդդիմախօսներ կարեկցուց։ Հեղինակ թուրքերէն եւ ֆրանսերէն պատրաստուած կարգ մը օրէնսգիտական գործերու։ Համիտեան Ռէժիմի վերջերը հալածանքը սկսած էր իր դէմ. Արգիլուեցաւ նոյն իսկ որ եւ է դատ ստանձնելէ։ Ճարահատ՝ լսկսած էր իր դէմ. Արգիլուեցաւ նոյն իսկ որ եւ է  դատ ստանձնելէ։ Ճարահատ՝ Ֆրանսա անցաւ եւ Սահմանադրութեան հռչակումին ի˜նչ խաբեպատիր եւ աղէտալի հռչակում վերադարձաւ ծննդավայր եւ առարկայ եղաւ խանդավառ ցոյցերու։ Անմոռանալի պիտի մնայ իր զգայացունց ատենաբանութիւնը՝ Թագսիմի պարտէզին մէջ, թուրք եւ հայ նահատակներու սգահանդէսին (1908 Օգոստ. Բանաստեղծ ալ էր։