Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

14. ԼԵՒՈՆ ԼԱՐԵՆՑ (ՔԻՐԻՇՃԵԱՆ).



Ծնած է Սամաթիա 1875ին։ Շրջանաւարտ Ռօպէրթ Գոլէճէ։ Պահ մը «Բիւզանդիոն»ի խմբագրատունը պաշտօն վարելէ վերջ՝ քղք. պատճառներով կը մեկնի Ամերիկա եւ Վեր. Հնչակեան իր ընկերներուն հետ Պօսթըն կ’սկսի հրատարակել Ձայն Հայրենեաց թերթը։ Կ’անցնի Եգիպտոս եւ Օրօզտի Պաքի մէջ գրագրութիւն կ’ընէ։ Արփիարի սպանութենէն ետք՝ կ’ուղեւորի Աթէնք, ուրկէ Պօլիս՝ Սահմանադրութեան հռչակումին։ Հեղինակ Դրախտի Երգեր բանաստեղծական հատորին։ 23 Հոկտ. 1908ին կը վարէ խմբագրութիւնն «Ձայն Հայրենեաց»ի Ա. տարիին. իսկ 1912ի սկզբէն՝  «Մուրճ» օրաթերթի։ Անգլ[երեն]է հայերէնի կը վերածէ Քուրան ու Լինչի երկհատոր պատկ. Հայաստանը։ Ֆրնս. Յեղափոխութեան Պատմութեան թարգմանիչն ալ եղած է՝ Բ. հատորէն սկսեալ։