Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

28. ՅԱԿՈԲ ԹԷՐԶԵԱՆ (ՅԱԿԹԷՐ). —



Ծնած է 22 Օգոստ. 1879ին Հաճըն։ Նխն. կրթ. ը ստացած հոն, յետոյ Ատանայի ազգ. եւ Յիսուսեան վարժարանները։ 1897ին Պօլիս գալով, 1900ին ստացած է դեղագործութեան վկայական։ Հաճընի եւ Ատանայի մէջ յաջորդաբար իր դեղարաններն ունեցած է, միաժամանակ թղթակցութիւններով աշխատակցած է պօլսահայ թերթերու՝ Յակթէր, Հմայեակ, Տաւրոս, Յիթօ եւ Թղթակից կեղծանուններով։ Կիլիկեան աղէտէն մազապուր ազատած՝ դարձած է Պօլիս եւ «Ատանա» դեղարանը բացած Գումդաբու։ — Հեղինակ Արուեստ Լուսանկարչութեան, Ատանայի կեանքը եւ Կիլիկիոյ Աղետը (5 հատոր) գիրքերուն։ Այս վերջինն (ամբողջովին գրաւուած կառավարութեան կողմէ) ներկայացուցած էր Իզմիրեանցի։ Կը թողու Հաճընի գաւառաբարբաոը գործը՝ ձեռագիր։