Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

62. ԳԷՈՐԳ ԹԷՐՃԻՄԱՆԵԱՆ. —



Ծն. Կեսարիա 11 Մարտ 1886ին եւ հոն ստացած նխն. կրթութիւնը։ Պատանի տարիքին՝ ընտանեօք Պօլիս գալով, կը յաճախէ Գատըքէօյի Արամեան եւ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանները. յետոյ կը մտնէ առեւտր. ասպարէզ։ — Կուսակցութեան մը չէր պատկաներ։ Սիրահար «սբօռ»ի կեանքին, վերջերը Գատըքէօյի մէջ հիմնած էր Մասիս մարմնամարզական միութիւնը՝ որ իր տարագրումին պատճառ եղաւ, ատենապետն ու արտօնատէրն ըլլալով այդ միութեան։ — Բացի բանասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մասին ունեցած հակումէն՝ կը սիրէր գրականութիւնը։ Իր ձեռագիրները — հետաքրքրական էջեր — մտադրած է հատորի մը մէջ ամփոփել եղբայրը՝ Սամուէլ։